Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ճամբորդական պատահարներն ու դէպքերը, ինքնաբերաբար, աւելի մեծ տարողութեամբ կը դրոշմուին մարդու խղճմտանքին եւ յիշողութեան մէջ, հաւանաբար այն պատճառով, որ ճամբորդական ժամանակը այսպէս ըսած, արտա եւ ընդմիջուած ժամանակ մըն է, որ ինքն իրեն ու մեր միջոցաւ պատրաստուած է ըլլալու սուր եւ խրուող հոգիին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմները կը դիտարկուին ԱՄՆ-է ներս հանրային վստահութեան տեսանկիւնէն:
Աշնան նախատեսուած Քոնկրէսի ընտրութեան ընդառաջ հարցերը կը մեկնաբանուին արտաքին քաքաղականութենէ դուրս:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երազներու եւ երազողներու մասին տարաբնոյթ կարծիքներ կան: Հոգեբաններ, գիտական ուսումնասիրութիւններու հեղինակներ յաճախ տարբեր տեսակէտներ կը յայտնեն, մանաւանդ՝ օր ցերեկով երազողներու մասին: Մէկ բան յստակ է. առանց երազի՝ կեանքը որո՞ւ պէտք է:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գրող, արձակագիր, թատերագիր ու բանաստեղծ Ատրինէ Տատրեան ծնած է 1913 թուականի դեկտեմբերի 26-ին, Սեբաստիոյ նահանգի Չորում գիւղը։
Իր նախակրթութիւնը ստացած է Տատեան եւ Արամեան-Ունճեան վարժարաններէն ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Համբերութեան եւ մխիթարութեան Աստուածը ուժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս». (ՀՌՈՎՄ. ԺԵ 5)։
Լուսադէմին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսաւ Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութիւնը: Սա ֆութպոլի եւ ընդհանրապէս մարզական աշխարհի տեսակէտէ բառին բուն իմաստով համաշխարհային տօնախմբութիւն մըն է:
Թոփգաբուի ընտանիքը նախաճաշ մը սարքեց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաներուն համար։
Նախընթաց օր, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյթ մը: Դպրոցէն ներս իսկական զօրաշարժով մը կազմակերպուած էր այս ձեռանրկը, որ «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ համախմբեց հոծ թիւով ներկաներ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան գլխաւորեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ դէպի Արմաշ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Վերջերս, անցած 1 յունիսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Եզնիկ Կողբացի» փողոցին վրայ 42/3 հասցէին գտնուող հայ ազգային հոգեւոր երգերու եւ երաժշտութեան անկրկնելի, առասպելական երգչուհի «Լուսինէ Զաքարեան» տուն-թանգարանէն ներս հոգիները վեհացնող, հոգեպարար հանդիսութիւն էր:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վերջին տարիներուն արհեստական բանականութիւնը սկսած է ներթափանցել մարդկային կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն՝ կրթութենէն մինչեւ բժշկութիւն, տնտեսութենէն մինչեւ արուեստ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն մի քանի տասնեակ տարիներ առաջ, ժողովուրդը կը քննադատէր Շահան Շահնուրը «Հայ ժողովուրդը պէտք է ոչնչանայ» արտայայտութեան համար։ Անշուշտ, այդ արտայայտութիւնը իր խորքին մէջ հայատեաց ըլլալու հետ աղերս չունենալով, ունէր ամբողջութեամբ ուրիշ նշանակութիւն մը.
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Թուրքիա վերջին շրջանին մօտէն հետեւած էր Հայաստանի նախընտրական գործընթացին, որու աւարտին արդէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ շնորհաւորութիւն հասած է՝ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր կողմէ Նիկոլ Փաշինեանին՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին կապակցութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հակառակ խաղաղութեան որոնումներուն եւ լաւատես յայտարարութիւններուն՝ աշխարհ փուշի վրայ:
Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նոր յարձակումներ տեղի կ՚ունենան: Իսրայէլ միշտ ենթակայ մեկուսացման վտանգի:
«Իսրայէլի քաղաքականութիւնը սպառնալիք դարձած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան դէմ»:
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան. «Անգարայի գագաթաժողովը ՆԱԹՕ-ի պատմութեան մէջ յղման կէտ մը պիտի դառնայ»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Փաշինեանի գլխաւորած կուսակցութեան յաղթանակին կապակցութեամբ Թրամփ յղեց շնորհաւորութիւններ:
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Կեանքը սառեցուած նկար մը չէ, որ պատէն կախենք ու հեռուէն հիացումով դիտենք, թէ մենք ո՛վ կամ ի՛նչ ենք: Կեանքի «կտաւը» շրջանակի մէջ առնուած յայտարարութիւն մը չէ՝ ըսելու համար. «Ահա՛, այս է կեանքս»։ Այդպէս դիտել կեանքը՝ կը նշանակէ չգիտակցիլ անոր բուն էութեան։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մէկտեղուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: Դպրաց դասու նախագահ Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեանն ալ ներկայ գտնուեցաւ զրոյցին: