«ՀԱՅՈՑ ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՊԱԳԱՆ ԿԱԽՈՒՄ ՈՒՆԻ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԷՆ»
Ստորեւ կը ներկայացնենք, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանի Ատիս Ապապայի ձեռնարկին ժամանակ ունեցած ելոյթին սղագրութիւնը։
*
Առաջին առթիւ կ՚ուզեմ ձեզի փոխանցել պոլսահայ ձեր քոյրերու եւ եղբայրներու հարազատ ողջոյնները: Ինծի համար բացառիկ ուրախութեան առիթ է, այսօր գտնուիլ ձեզի հետ Ատիս Ապապայի մէջ, որ մեր հայկական սփիւռքի ուրոյն օճախներէն մին եղած է մեր պատմութեան ընթացքին եւ այսօր ալ կը պահէ իր կարեւոր դիրքը:
Մենք այսօր միասնաբար դիտեցինք «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը, որ արտադրուած է Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնին կողմէ: Վստահ եմ բոլորդ կը համաձայնիք, որ սա ողջունելի գործ մըն է եւ փայլուն յաջողութեամբ պսակուած է բոլոր առումներով:
Նկատի ունենալով, որ ես կրթական համակարգի ներկայացուցիչ մըն եմ՝ կ՚ուզեմ ձեր բոլորին հետ իմ մօտեցումները ամփոփ ձեւով բաժնել այս ֆիլմի համապատասխան երեսակներուն շուրջ: Այս ֆիլմին մէջ մենք յստակօրէն տեսանք, որ Պոլսոյ Աթոռը դարերու հոլովոյթին մէջ միշտ եղած է կրթական շարժումներ խրախուսած, նոյնիսկ հրահրած ազգային կեդրոն մը: Անոր գործունէութիւնը միայն հոգեւոր բնագաւառով չէ սահմանափակուած, մնաց որ, հայ դպրութիւնն ու հոգեւորականութիւնն ալ, բնականաբար, կարելի չէ հարիւր տոկոս իրարմէ զատ պատկերացնել:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի խրախուսած կրթական շարժումները միշտ առիթ դարձած են մարդուժի պատրաստութեան փայլուն օրինակներու եւ ձեռքբերումներու, որոնք դարերու հոլովոյթին մէջ պայմանաւորած են հայ ազգին յարատեւութիւնը:
Ֆիլմին այս պատգամը այսօրուան հայ իրականութեան տեսակէտէ իսկապէս ունի խոր իմաստ: Արդարեւ, այսօր ամբողջ հայկական սփիւռքը մարդուժի տագնապի մը մէջ է եւ այդ տագնապի յաղթահարումէն կախեալ է նաեւ մեր ազգի, մանաւանդ, սփիւռքի մէջ յարատեւութիւնը:
Եւ մենք, այսօր, ուրախ ենք ձեր նկատառման յանձնելու, որ թէեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը անցեալի փառքի օրերէն որոշ չափով հեռու է, սակայն, իր գործունէութիւնն ու դերակատարութիւնը կ՚առաջնորդուի նոյն զգայնութիւններով եւ նոյն առաջնորդութիւններով, որոնց մէջ տեղ ունի կրթական բնագաւառը:
Այսօր, Պոլսոյ մէջ ունինք հայկական վարժարաններու ցանց մը, որու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը կազմէ շուրջ 2500: Մեր համայնքի օրակարգին վրայ է այդ աշակերտները լաւագոյնս հասցնելու, յաւակնոտ ձեւով ապագային պատրաստելու խնդիրը, որու վրայ կու գայ աւելնալ նոր սերունդէ կրթական մշակներու պատրաստութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրները: Մենք կը գիտակցինք, որ մեր ազգի ապագան սփիւռքի մէջ կախում ունի միայն ու միայն հայեցի կրթութիւն ստացած երիտասարդներէն:
Ուստի, Պոլիսը այսօր ալ սփիւռքի մէջ ունի իր դերակատարութիւնն ու կշիռը, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, կը պահէ ամէնօրեայ վարժարաններու ցանց մը, շուրջ 2500 աշակերտութեամբ եւ մօտաւոր տասնամեակներուն մեր սփիւռքի բոլոր կրթօճախներուն մէջ պաշտօնավարած են դաստիարակներ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք Պոլիսէն արտասահման գաղթած են եւ իրենց նոր հաստատուած վայրերուն մէջ հայ դպրոցի առաքելութեան զօրակցած են:
Հետեւաբար, առիթը պատեհ կը նկատեմ կոչ հնչեցնելու համար, որ սփիւռքի մէջ ի գին ամէն բանի, պէտք է մտածենք հայ դպրոցի կենսունակութիւնը ապահովելու համար:
Այս զգացումներով, կրկին ջերմօրէն կ՚ողջունեմ ձեր բոլորը եւ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել պրն. դեսպանին եւ եթովպահայ համայնքի ղեկավարութեան, որոնց ջերմ հիւրընկալութիւնը կը վայելենք այսօր:
Շնորհակալութիւն:
