Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

Փաշինեան մասնակցեցաւ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու վարչապետներու հերթական ժողովին: Օվերչուք վերստին բարձրաձայնեց Հայաստան-Ռուսաստան տարակարծութիւններու առկայ դրսեւորումները:

 

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանին: Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ՝ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընի կողմէ: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

«Reuters» գործակալութեան հրապարակումը կը կրէ՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդը դատարանի առջեւ․ կը խորանայ իշխանութիւն-եկեղեցի դիմակայութիւնը»:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը քրէական հետապնդման կ՚ենթարկուի՝ իր եկեղեցական ու կանոնական պարտականութիւնները կատարած ըլլալու պատճառով։ Խղճի եւ կրօնի ազատութեան լլկում։ Հայաստանէ ներս առկայ հակաեկեղեցական արշաւի մթնոլորտին մէջ, քաղաքական պատուէրով շարժման անցած դատական իշխանութիւնները արհեստական մեղադրանքներ հասցէագրած են Վեհափառ Հայրապետին եւ ԳՀԽ-ի անդամ սրբազաններուն դէմ։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հրապարակուեցան ծանրակշիռ յայտարարութիւններ, որոնք ստեղծեցին լայն արձագանգ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

Անիի՝ պատմական Մետաքսի ճանապարհին մաս կազմած կամուրջի վերականգնման օրակարգով՝ Թուրքիա-Հայաստան աշխատանքային խումբի հանդիպումը: Անգարա եւ Երեւան փոխըմբռնման մէջ են՝ բնականոնացման գործընթացէն ներս ստորագրուած համապատասխան արձանագրութիւնը շուտափոյթ ձեւով կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները որոշած են դատել Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Սա իսկապէս արտասովոր երեւոյթ մըն է եւ միանշանակօրէն կ՚ենթադրէ գայթակղութիւն մը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ՝ Հայաստանէն ներս դաւանանքի ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան շուրջ։ Կոչ՝ Վեհ. Հայրապետին դէմ քրէական վարոյթը կասեցնելու համար։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ շարք մը սրբազաններու դէմ վաղը նախատեսուած դատավարութեան ընդառաջ համատարած անհանգստութիւն։ Աչալուրջ շրջանակները յամառօրէն կ՚ակնկալեն ազգային-եկեղեցական կեանքը փութով վերադարձնել իր բնականոն հունը՝ միշտ յարգելով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւունքներն ու ներքին ինքնավարութիւնը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ…». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

​ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սիրահարութեան միւս բացասական կողմերէն մէկը սեփականացնելու փափաքն է։ Սիրահարած մարդը միշտ իր մէջ կ՚ունենայ սիրածը կորսնցնելու վախը՝ նոյնիսկ եթէ անոնց յարաբերութեան սպառնացող ո՛չ մէկ բան գոյութիւն ունի։

 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ե­թէ…  

Վստա­հա­բար մեզ­մէ շա­տեր այս ե­րեք տա­ռե­րէն բաղ­կա­ցած ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը յա­ճախ կը գոր­ծա­ծենք, ա­ռա­ջին հեր­թին ափսո­սա­լու կորսն­ցու­ցած ա­ռի­թի մը հա­մար, յե­տոյ մենք մեզ մե­ղադ­րե­լու կամ յան­դի­մա­նե­լու, թէ ե­թէ այս­պէս վա­րուած ըլ­լա­յի՝ այս­պէս կ՚ըլ­լար, ե­թէ այդ ուղ­ղու­թեամբ գա­ցած չըլ­լա­յի՝ այն­պէս կ՚ըլ­լար, ե­թէ այ­սին­չին հետ վի­ճած չըլ­լա­յի՝ հի­մա այս լա­րուա­ծու­թիւ­նը չէր ըլ­լար, եւ այս­պէս շա­րու­նակ…:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նոր Ջուղան՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենանշանաւոր գաղթօճախներէն մէկը, նախկին պատմական քաղաքը, իր քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքով երկար ժամանակ եղած է պատմաբաններու եւ մշակութաբաններու ուշադրութեան կեդրոնը։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

​Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ՝ ամրան շրջանի հերթական երիտասարդական համերգը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ: «Մենք երգ ենք» ծրագրին շրջանակներէն ներս կազմակերպուած համերգը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

Մահմետական երկիրները խորապէս անհանգիստ. Մեսճիտի Աքսայի ուղղեալ Իսրայէլի քայլերը կրնան հրահրել կրօնական բնոյթով բախումներ: Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան մասնակցեցաւ Յորդանանի նախաձեռնութեամբ Ամմանի մէջ կազմակերպուած կարեւոր հաւաքին եւ ունեցաւ այլ շփումներ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026

Երէկ, ամբողջ Թուրքիոյ մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց՝ մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր ընթացք առած օրէնսդրական նախաձեռնութեան մը թեւակոխած գործնական փուլը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ, անցեալ կիրակի տեղի ունեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ Ս. Յարութեան տաճարի տեսուչ նշանակուած է Տ. Ղեւոնդ ծայրագոյն վարդապետ Յովհաննիսեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

Այսօր, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կ՚այցելէ Ամման։ Յորդանանի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած է նախարարներու մակարդակով ժողով մը՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ խնդիրներու օրակարգով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի տարեկան ժողովը՝ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Թուրք զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմէն ներս տեղի ունեցան հերթի փոփոխութիւններ: Յարգի այց՝ Աթաթիւրքի յուշադամբանը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

Իսթանպուլի կուսակալը երէկ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան երկու երեսփոխանները:
Կիւլ, Սոյլու եւ Սվաճըօղլու ընդգծեցին քաղաքի համամարդկային անվիճելի նշանակութիւնը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս կը սպասուին յաւելեալ զարգացումներու։ APA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Ճէյհուն Պայրամով նշեց, որ այս ամբողջին մաս կը կազմէ TRIPP նախագիծը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026

ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Հոգշ. Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի «Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը» աշխատասիրութեան առիթով:

Էջեր