Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ խաղաղութեան աղօթք:
Վեհ. Հայրապետին գլխաւորութեամբ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ՝ զինուորներու անվտանգ ծառայութեան համար:
Երէկ երեկոյեան, «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին (AKM) մէջ տեղի ունեցաւ «Թամարի ճակատագիրը» խորագրեալ գեղարուեստական ներկայացումը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Բարեկամութիւնը կեանքի ամենամեծ արժէքներէն մէկն է ու մարդկային յարաբերութիւններու ամենաարժէքաւոր երեւոյթներէն: Այն կապը, որ կը ստեղծուի երկու հոգիի միջեւ՝ փոխադարձ հաւատքով, յարգանքով եւ սէրով, կեանքը կը դարձնէ աւելի գեղեցիկ եւ իմաստալից ու հաճելի:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք փունջ մը Եղիա Տէմիրճիպաշեանի բանաստեղծութիւններէն: Իսկ այսօր, պիտի ներկայացնենք Տէմիրճիպաշեանի գրութիւններէն հատուածներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին ժամանակներուն ընկերային ցանցերու «ընձեռած» դիւրութիւնները յաճախ ընդունուեցան սուիններով։ Մարդիկ, բացի իրենց անձնական կեանքը ներկայացնելու միտումէն, խօսեցան ու գրեցին ամենատարբեր հարցերու մասին։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Արմէն Վանեան ծնած է Երեւան: Ան շրջանաւարտ է Երեւանի Պետական համալսարանի Տնտեսական եւ առեւտրական գիտութիւններու բաժանմունքէն՝ արժանանալով տոքթորական վկայականին:
Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրոպայի համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ այն օրէնքի նախագծին, որով սկիզբ պիտի առնէ երկրի Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եի երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
«Արաս» հրատարակչութեան համահիմնադիրներէն Եդուարդ Թովմասեան այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։
Զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միջեւ ջերմ տեսակցութիւն: Նիկոլ Փաշինեան եւ Վահէ Կապրաշ կանգ առին կրթութեան որակի բարձրացման վրայ՝ մասնագէտներու պատրաստութեան ճանապարհին:
Հաքան Ֆիտան եւ Քայա Քալլաս երէկ քննարկեցին Անգարա-Պրիւքսէլ օրակարգի բազմաբնոյթ առաջնահերթ հարցերը: Ըստ յանձնակատարին՝ Թուրքիա կարեւոր դեր մը ունի Եւրոպայի անվտանգութեան ուղղութեամբ եւ կայ համագործակցութեան հնարաւորութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ մէկ ծագում ունին՝ հաւասար եւ ազատ կը ծնին. ընկերային կեանքը զանոնք զանազան դասաւորումներու կ՚ենթարկէ եւ բնական ազատութիւնը հասարակաց բարիքին համեմատ կը կանոնաւորուի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բնական է, որ Խորհրդային Հայաստանը պիտի չի կրնար թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս նեցուկ ու օժանդակ դառնալ նոր ստեղծուած սփիւռքին, գոյութիւն ունեցող զանազան արգելքներու եւ խստութեան պատճառով, սակայն յետ անկախութեան եկող տարիները եւս տարբերութիւն մը չունեցան Խորհրդային տարիներէն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Գալայճեանն ու գործակից ընկերները։ Զրոյցի ընթացքին թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին իրենց գործունէութեան շուրջ։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։ Համայնքային կեանքէն ներս կայծակնային արագութեամբ տարածուած մտահոգիչ իրադարձութեան մը բաւական յապաղումով արձագանգած է թաղային խորհուրդը։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Տանըլտ Թրամփ նախագահական երդումով ամրագրեց իր յաղթական վերադարձը Սպիտակ տուն՝ հակառակ 2020 թուականի ընտրութիւններու պարտութենէն ետք իշխանութիւնը բռնագրաւելու փորձի մեղադրանքին, հակառակ գահընկէցութիւնը պահանջող երկու դատավարութիւններու, յանցագործութեան մեղադրանքի, հակառակ ենթարկուած մահափորձին...
Հայաստան, Հիւսիսային Եւրոպա եւ Պալթեան երկիրներ ձեւաչափով կարեւոր համագործակցութիւն:
Ալէն Սիմոնեան. «Եւրոմիութեան անդամ որեւէ երկիր Երեւանէն չէ պահանջած կապերը խզել այլ որեւէ երկրի հետ»:
Առաջնահերթութիւն՝ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն:
Հայաստանի եւ Խրղըզիստանի արտաքին գոծոց նախարարները արժեւորեցին անվտանգային իրավիճակի հարցեր:
Երեւան կը ջանայ հաւասարակշռութիւն ստեղծել ԵՄ-ի, Մոսկուայի եւ տարածաշրջանային ուժերու հետ:
Փաշինեան-Ռութէ հանդիպում. ՆԱԹՕ կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք կարեւորեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատումը։