ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

Վաղը, 17 օգոստոս 2025-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը: Այս առիթով, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք մի քանի բանաստեղծութիւններ, նուիրուած Մայրիկ Աստուածածնին: 

Այսպէս, առաջին բանաստեղծութիւնը Առաքել Դաւրիժեցիին մօտ կը գտնենք: Լեզուն թեթեւ եւ դիւրըմբռնելի ըլլալուն պատճառով, առաւել եւս որպէսզի յանգաւորումը չխախտենք՝ որովհետեւ որպէս տաղ գրուած է, կը ներկայացնենք զայն նոյնութեամբ.

Աստուածածին կոյս Մարիամ, սրբուհի, սրբուհի,
Մայր եւ ծնող փրկչին մերոյ Յիսուսի, Յիսուսի,
Ւ քեզ հանգեաւ կենդանարար Սուրբ Հոգի, Սուրբ Հոգի,
Մեղաւորացս մաղթեա շնորհել թողութիւն, թողութիւն:

Ռահ1 կենցաղոյս մեր գնացից ի մարմնի, ի մարմնի,
Պատահեցաք յոյժ թշնամւոյն անմարմնի, անմարմնի,
Զոր կողոպտեաց զմեզ ի շնորհէն, որ ձրի, որ ձրի,
Մաղթեա շնորհել մեզ տկարացս օգնութիւն, օգնութիւն:

Աւաղական կենօք2 եղաք մեք գերի, մեք գերի,
Զոր խոցեցաք արդէն մարմնով ի յոգի, ի յոգի,
Աղաչանօք խնդրեմք ի քէն, տիրուհի, տիրուհի,
Խնդրեա շնորհել մեզ տկարացս օգնութիւն, օգնութիւն:

Քանզի զքեզ կալաք մեք յոյս ի մտի, ի մտի,
Զի փրկեսցուք մեք յաղբիցն, որ գաղտնի, որ գաղտնի,
Բարեխօսեա ի քէն ծնեալ Միածնի, Միածնի,
Մեզ ողորմել յաւուրն վերջին ատենի, ատենի:

Երկրպագեմք քեզ տիրածին կոյս օրհնեալ, կոյս օրհնեալ,
Դու ի համայնից բնաւից ազանց երանեալ, երանեալ,
Աղերսանօք ժտեմք3 ի քէն մեզ գթալ, մեզ գթալ,
Զմեզ առնել արժան բարեացն պատրաստեալ, պատրաստեալ:

Անկանելով քո առաջի ողբալով, ողբալով,
Զդէմս մեր յաճիւն ոտիցդ փարելով, փարելով,
Զսէր Որդւոյդ, առ քեզ աղերս ձգելով, ձգելով,
Մեզ ողորմեա ուժգին ձայնիւ կարդալով, կարդալով:

Լուսաւորեա զմիտս մեր խաւարեալ, խաւարեալ,
Նաեւ փրկել յալեաց ծովէս ընկղմեալ, ընկղմեալ,
Քեզ երգեսցուք մեք գոհութիւն, սխրացեալ, սխրացեալ,
Աստուածածին կոյս Մարիամ, դու օրհնեալ, դու օրհնեալ:

***

Երկրորդ տաղը Ասապով տաղասացինն է, որ ապրած ու գործած է 16-17-րդ դարերուն: Դարձեալ դիւրըմբռնելի ըլլալուն պատճառով կու տանք նոյնութեամբ, պահելու համար հարազատութիւնը:

Անճառին տաճար,
Բարի հաշտարար,
Գերագոյն գտար, Մարիամ,
Դու յերկնից գովեալ:

Երգեն սերովբէքն,
Զարմանան քերովբէքն,
Էրանալեալ սուրբ կոյս, Մարիամ,
Ընտրեալդ ի փրկչէն:

Թագդ պարծանաց,
Ժառանգ աւետեաց,
Իսկուհի մաքուր, Մարիամ,
Լուսին աննման:

Խորան խնդալի,
Ծառ նարնջենի,
Կաքաւ քաղցրախօս, Մարիամ,
Հաւիկ սխրալի:

Ձայն քո տատրակի,
Ղամբար4 գիշերի,
Ճրագ լուսատու, Մարիամ,
Մթան գիշերի:

Յանթառամ ծաղիկ,
Նոր գարնան փթթիկ,
Շող արեգական, Մարիամ,
Ոսկէ խնծորիկ:

Չի կայ քեզ նման,
Պտուղ ցանկալի,
Ջուր պարզ եւ մաքուր, Մարիամ,
Ռատ5 աղբիւր վիմի:

Սատաֆ ի ծովին,
Վանիչ մարգարտին,
Տաճար տէրունի, Մարիամ,
Րաբունուն վերին:

Ցօղ գարնանային,
՚Ւ իւսեալ ոսկով,
Փափագեալ ցանկամ, Մարիամ,
Քո ճոխ պատկերին:

Ինձ մեղաւորիս՝
Աստուածապովիս,
Սիրաբար գթա, Մարիամ,
Այգդ առաւօտ ինձ:

Պաղատեա վասն իմ,
Որդիդ Միածին,
Վերաբերեա զիս, Մարիամ
Ի յաջակողմին:

Երեւեալ լուսին,
Բարկ արեգակին,
Աստղ առաւօտին, Մարիամ,
Նման պատանին:

***

Երրորդ տաղը, Միջնադարի հեղինակի մը կը պատկանի՝ Յովհաննէս (Գ), դարձեալ դիւրըմռնելիութեան պատճառով նոյնութեամբ կը պահենք՝ պահպանելու համար հարազատութիւնը:

Աստուածածին, մայր Քրիստոսի,
Իմ յոյսն դուն աւուր մեծի,
Բարեխօս ընդունելի,
Միթէ քէնով Տէր ողորմի:

Լուսն տվի, զխաւարն առի,
Հուր գէհենին ինձ վառեցի,
Մութն ու խաւար ճամփան գնամ,
Վայ թէ խաւարն ինձ հանդիպի:

Ես Յոհանէսս եմ մեղայ կամ,
Զօրն ի հետ մարմնուս ժուռ6 կու գամ,
Չեմ յիշել զօր դատաստանին,
Հետիոտ ո՞յր պիտի երթամ:

Ահեղ ու մեծ է դատաւորն,
Եփ7 որ տեսնեմ, զարմանամ,
Եփ դատաւորն հարցումն այնէ,
Գերիս ամ ո՞նց պացխուն8 ես տամ:

Սառնամանիքն է պատրաստած,
Եփ որ տեսնում զէտ զուռ դողամ,
Գերիս այնօր մեծ ատէնի,
Ես մեղաւորս ամ ի՞նչ լինամ:

Անքուն որդունքն են ի աշուն,
Թէ ո՞ւսկայ կու գայ անուշ լօղման9,
Մարմինս գեր է եւ փափուկ,
Նոքա ուտեն, ես զարմանամ:

Զօրն ու գիշերն անտի շայէն,
Տարէկուսիմ, նստիմ ու լամ,
Եփ զահաւոր դատողն յիշեմ,
Ա՛յ, վա՛խ, հազար վա՛յ ինձ կու տամ:

Չեմ շինել ինձ տուն բարիաւ
Օթեւան՝ երթամ կենամ,
Տուն զդժոխքն է պատրաստած,
Որ անհամբեր երթամ կենամ:

Գերի Յոհանէս, էս դուն յիմար,
Հետ աշխարհիս ընկար մեղկան,
Մէրկիկ եկիր դուն ի աշխարհս,
Մէրկիկ դնեն հող ՚ւ ի զնտան:

***

Վերջին բանաստեղծութիւնը Յ. Կոստանեանցի հեղինակութեամբ, լոյս տեսած է Թիֆլիզի մէջ հրատարակուած «Աղբիւր» (թիւ 10, հոկտեմբեր 1894, էջ 290-294) ամսաթերթին մէջ: Բանաստեղծութեան վերանգիրն է «Աստուածամօր տօնը (Շիրակի10 կեանքէն)»: Բանաստեղծութիւնը արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն.

1

Զանգը կը ղօղանջէ, այնպէս կը տարածուի,
եւ խրոխտալի վառ հնչիւններով
անոր ալիքները վեհ ձայն կը հանեն,
կը կոչեն… սիրտերը եռանդով կը լեցնեն…:

Մէկ ակնթարթի մէջ, ժողովուրդը արագ
Վեր ելաւ տեղէն… հասկցաւ արդէն
այդ խորհրդաւոր զանգին եղանակը,
ժողովուրդի ոգին համօրէն զարթնեց…

Ամբողջ երկիրը շրջագայելով,
Զարնուած ամբոխին մխիթարելով,
Փրկելով զինք խիստ աղէտներէ
եւ երկինքէն զրկուած սոսկ ցասումներէն:

Գանձերով, փառքով Աստուածածինը11
Խորան կը դառնայ՝ տունը դարմանիչ,
Հայ արհեստաւորը՝ որդիներն ու կինը
կ՚երթան, որ բռնեն անոր փէշերէն…:

Հոգեկան աւի՜ւն, երբ ժողովուրդին
չարատանջ կեանքը բարձրին կը ձգտի…
Հոգիով կ՚ապրի… Շատերը անցան՝
բանուոր, գործաւոր եւ կարգին մարդիկ…:

Քեզի կը հանդիպին Յիսուսի ծնող,
բուռն թախծանքով լեցուած է սիրտը՝
քու ժողովուրդիդ. դո՛ւն ես ազատող,
դո՛ւն կը սփոփես անոր խոր վիշտը…:

Շատերը մոռցան գործերն ու համար,
շուտով գոցեցին խանութին դռները.
Տօ՜ն է, Կիրակի ժողովուրդին համար,
Ան ինքը ուզեց այդպէս տօն ընել…:

2

Զանգը կը ղօղանջէ… ամբոխը կը խռնուի,
քաղաքէն դէպի Ախուրեան կ՚երթայ,
Ո՜, ջերմ սիրտերու անծայր միութիւն…
Հայրենի գետակ, ջո՛ւր ասպնջական:

Լսեցէ՛ք անթիւ սիրտերէ բխած
ժողովրդական, ջերմ հնչիւնները,
եւ խառնէք անոնց ձեր երգին վառուած,
կ՚երգէ ժողովուրդը՝ ահա՛ խօսքերը…:

3

«Դուն ամբողջ երկիրը գացիր, պտըտեցար, Ս. Աստուածամայր,
երկիրը փորձանքէ, վիշտէ փրկեցիր, անհամար զօրքովդ12,
Ո՜, մենք մատաղ ենք քեզ ալ, զօրքիդ ալ, զօրաւոր Ս. Կոյս,
յոգնած, վաստակած, երկիրը պտըտած՝ ժողովուրդի յոյս…:

Հաւատքով կու գամ փէշդ բռնելու, քեզմէ խնդրելու,
քեզմէ խնդրելու նեղ օրուան համար, որ հաց հասցնես,
որ հաց հասցնես, ձեռքերուս ուժ տաս գործ տեսնելու,
գործ տեսնելու, տունս պահելու՝ սեւ երես չըլլամ…:

Շատո՜նց գացիր եւ լուր չառինք, կարօտ մնացինք,
մենք քանի անգամ խորանդ եկանք ու դատարկ տեսանք,
ու դատարկ տեսանք, դատարկ սիրտերով մեր տուները գացինք,
մեր տուները գացինք, լացինք քեզի համար, Սուրբ Աստուածամայր…:

Դուն գացիր ամբողջ երկիրը պտըտեցար, ցաւը մեռցուցիր,
փորձանքէ, վիշտէ, զօրքովդ անհամար երկիրը փրկեցիր.
ո՜, մենք մատաղ ենք քեզի ալ, զօրքիդ ալ, զօրաւոր Սուրբ Կոյս,
յոգնած, վաստակած, երկիրը պտըտած՝ ժողովուրդի յոյս…»:

Եւ լուռ մեղմագին ելեւէջներով
կը հնչէր երգը ժողովուրդի սիրտէն,
զանգը կը ղօղանջէ իր ալիքներով,
ամբոխին տունէն ոտքի կը հանէ.
եւ Ախուրեանի մրմունջներուն հետ
հանդէսը իր քայլերը կ՚ուղղէ…: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1 Ճամբայ, ուղի:

2 Կեանքով:

3 Յամառ համարձակութիւն:

4 Ջահ, լոյս:

5 Տէր:

6 Սարսափած, շփոթած:

7 Երբ:

8 Պատասխան։

9 Պատառը:

10 Հայաստանի Հանրապետութեան Շիրակի մարզ:

11 Աղեքսանդրապոլի [Կիւմրիի այն ժամանակուան անուանումը] Եօթնվիրաց [Եօթ Վէրք] Ս. Աստուածածինին պատկերը Շիրակի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն ունի: Աղէտներու ժամանակ կամ երբ երաշտ սաստկանալով կը սպառնայ արտերուն, ժողովուրդին խնդրանքով այդ պատկերը քաղաքէն գիւղեր կը տանին եւ երկար ժամանակ կը պտտցնեն՝ ժողովուրդին ցաւերը փարատելու համար. գիւղացիները իրենց առատ նուէրները չեն խնայեր: Աստուածածինը գանձերով կը վերադառնայ: Վերադարձին խուռն բազմութիւնը՝ ամէն դասակարգէ, ընդառաջ կ՚երթան՝ դիմաւորելու համար զինք (ծանօթագրութիւնը հեղինակինն է):

12 Ժողովուրդը կ՚ընդունի, թէ Ս. Աստուածածինը զօրք ունի: Այդ զօրքը կը հետեւի անոր թէ՛ աղէտներու եւ թէ պատերազմներու ժամանակ (ծանօթագրութիւնը հեղինակինն է):

Շաբաթ, Օգոստոս 16, 2025