Արխիւ
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն զուգահեռ կազմակերպուած է նաեւ Եւորասիոյ տնտեսական երրորդ համաժողովը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի արտաքին առեւտուրին տեսակէտէ ԵԱՏՄ յառաջատար գործընկեր կը հանդիսանայ։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ան նշեց, որ հայկական կողմը ուրախ է յարաբերութիւններու կարգաւորման դրական թափով, սակայն, կը կարծէ, թէ շատ աւելին կարելի է ընել այդ ուղղութեամբ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի համահիմնադիր Սեմ Սիմոնեանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս գործունէութիւն ծաւալող ընկերութեան համահիմնադիր Էլի Աքիլեանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Պրազիլ։ Ամսավերջին՝ հոկտեմբերի 28-ին, Սաու Փաուլոյի մէջ նախատեսուած է Սիպիլի համերգը՝ հռչակաւոր դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի հետ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեանը, որուն կ՚ընկերանային Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Տիանա Եըլանճըօղլու եւ Ալին Եիւճէլ։
«Մեր յոյսն ու հաւատը առկայ փորձութիւններու մէջ պիտի ջանանք զօրացնել, ամուր եւ վառ պահել, որպէսզի մեր կեանքէն ներս առատացնենք Աստուծոյ օրհնութիւնները։ Կը հաւատանք, թէ Տիրոջ պատգամներու իրագործումով մեր ժողովուրդը պիտի գտնէ իր վերելքի ուղիները՝ ամոքելով վէրքերը եւ ընթանալով դէպի խաղաղ ու ապահով հանգրուաններ»:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ միւռոնաբաշխման արարողութիւն:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Մեր նախնեաց նուիրական ժառանգութիւնն ու սրբազան արժէքներու նկատմամբ աներեր հաւատարմութիւնը պիտի շարունակեն ըլլալ անսասան յենասիւները մեր աստուածահաճոյ, ազգանուէր միւռոնադրոշմ կեանքի՝ նախանձախնդրութեամբ փոխանցելով սերունդէ սերունդ»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, շաբաթավերջի վերաօծումէն վերջ, մէկ շաբթուան տեւողութեան ամէն երեկոյ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Մայր Տաճարի մէջ։
«Էջ Միածինն ի հօրէ» շարականն ու Հայրապետական մաղթանքը արտասովոր հնչեցին մայրավանքի համալիրէն ներս՝ հազարաւոր ուխտաւորներու աղօթակցութեամբ:
Ինքնութեան անառիկ միջնաբերդ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս. «Տէրունահաստատ Սուրբ Էջմիածինը Յիսուս Քրիստոսի պարգեւն է մեր ազգին»:
Համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը շաբաթավերջի պատմական արարողութիւններով վերահաստատուեցաւ՝ որպէս ոսկէ խարիսխ սրբավայր, որ ազգային անդաստանի պայծառ փարոսն է եւ կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութեան ճանապարհ՝ բարօր գալիքի հաստատակամութեամբ եւ հոգեւոր արթնութեամբ:
Յոյս եւ վերյառնում:
Քրիստոնեայ Հայաստանի հոյակերտ վկան:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ուղղորդաբեր կամարներուն ներքեւ հաւատակերտ ժամանակներ:
Միւռոնօրհնութեան եւ վերաօծման փառաշուք հանդիսութիւնները համախմբեցին աշխարհի չորս ծագերէն հայոց ներկայացուցիչները, որոնք Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան արժանացան ու հաղորդ դարձան անոր միասնականութեան պատգամին: Մայր Աթոռի հայրապետական Սուրբ Պատարագին մասնակցութիւն բերին նաեւ պետական աւագանիէն դէմքեր՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի: Նորին Սրբութիւնը նորահաստատ բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրեց նախագծի բարերարները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան կը պատարագէ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ ու վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ, որ երէկ առաւօտ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հայրապետական Ս. Պատարագով։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը ձեռնարկեց նոր եղանակի աշխատանքներուն։ Այս առթիւ տղաքը երէկ համախմբուեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ գլխաւորութեամբ վարիչ Հրանդ Չիզմէճեանի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ ըսած ենք ու կը կրկնենք, որ մեր ազգին մէջ կան անուններ, որոնք հակառակ իրենց անձնուէր գործունէութեան՝ մնացած են շուքի տակ եւ երբեք չեն արժանացած այն պատիւին ու գնահատանքին՝ որուն արժանի են, այդ իսկ պատճառով ժամանակ առ ժամանակ, պիտի գրենք անոնց մասին, ոգեկոչելու անոնց անմահ յիշատակն ու մեծարելու այն գործունէութիւնը, որուն համար տիւ եւ գիշեր տքնած ու աշխատած են:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան մեր գրութեամբ կու գանք իր աւարտին հասցնելու Եղիազար Մուրատեանի մասին կատարած մեր ուսումնասիրութիւնը, ուր ներկայացուցինք անոր կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք անոր գրիչին արգասիքը:
Համայն հայութեան սիրտը այս շաբաթավերջին կը տրոփէ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր այսօր տեղի կ՚ունենայ Միւռոնօրհնութիւն, իսկ վաղը կ՚օծուի ու պաշտամունքի կը վերաբացուի՝ ամենայն հայոց սրբութիւն սրբոց Մայր Տաճարը, որու ամրակայման երկարատեւ աշխատանքներու աւարտին ծնունդ առած է համազգային հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ:
Պայծառ հորիզոններու յոյսը:
Վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ՝ սրբութեան:
Լոյսը կը սփռուի հայոց հաւատքի ընդհանրական լուսաբեւեռ կեդրոնին վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտի միասնութեան խորհրդանշանն է սրբալոյս միւռոնը, որու նուիրական զօրութիւնը կը պայմանաւորուի խորհրդաւոր բաղադրութեամբ՝ պատմութեան, աւանդութեան, ժառանգութեան եւ քրիստոնէական եզակի վկայութեան խաչմերուկին, ուր կը բիւրեղանայ հաւատի արթնութեան նշանակութիւնը:
Եւրոմիութիւնը արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախօրէի վերջին պնդումներուն ու քննադատութիւններուն՝ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոմիութեան առաքելութեան եւ երկրի «ռազմականացման» վերաբերեալ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ առկայ են խնդիրներ, որոնք պէտք է փորձել վերացնել։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին». (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպում։
