Արխիւ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Տանըլտ Թրամփ նախագահական երդումով ամրագրեց իր յաղթական վերադարձը Սպիտակ տուն՝ հակառակ 2020 թուականի ընտրութիւններու պարտութենէն ետք իշխանութիւնը բռնագրաւելու փորձի մեղադրանքին, հակառակ գահընկէցութիւնը պահանջող երկու դատավարութիւններու, յանցագործութեան մեղադրանքի, հակառակ ենթարկուած մահափորձին...
Հայաստան, Հիւսիսային Եւրոպա եւ Պալթեան երկիրներ ձեւաչափով կարեւոր համագործակցութիւն:
Ալէն Սիմոնեան. «Եւրոմիութեան անդամ որեւէ երկիր Երեւանէն չէ պահանջած կապերը խզել այլ որեւէ երկրի հետ»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց միջեկեղեցական աղօթքի, որ կազմակերպուած էր Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները արձակեցին ուշագրաւ դատավճիռ մը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս հեղինակային իրաւունքներու հարցերուն հետ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի պապական նուիրակ Ատոլֆօ Տիտօ Ըլանա արքեպիսկոպոսը, որ փութացած էր հայոց Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորելու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ պաշտօնի կոչուելէ անմիջապէս վերջ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ եւ Ճաբոնի իր պաշտօնակիցները։
Վարչապետը մեկնաբանեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը հիւսիսէն շարունակելու պարագան:
Նիկոլ Փաշինեան. «Մենք արդէն ունինք սահմանագծուած հատուածներ ու կ՚ուզենք զանոնք դարձնել ամբողջական»:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Անահիտ Սուլթանեան ծնած է Հայաստան: Ամուսինը երկար ժամանակէ ի վեր արդէն հաստատուած է Ալմաթը, Ղազախիստան: Անահիտը լեզուաբան է, անոր կեանքի կոչումն է մանկավարժութիւնը: Երեսուն տարի եղած է Արտաշատ քաղաքի աւագ դպրոցի տնօրէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թէ՛ բնութեան երեւոյթներ, թէ՛ մարդկային կեանքի մէջ պատահած զանազան իրադարձութիւններ եւ մինչեւ իսկ տիեզերքի ստեղծագործութիւնը, մէկ խօսքով գոյացութիւնը դիպուա՞ծի մը, թէ իմաստութեամբ պատրաստուած աստուածային ծրագրի մը արդիւնքն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յունուարի սկիզբին լրացաւ սփիւռքահայ անուանի գրող, փիլիսոփայ, գրաքննադատ, հրապարակախօս, բանասէր Գրիգոր Պըլտեանի ծննդեան 80-ամեակը, եւ Հայաստանի մէջ տրուեցաւ այս նշանակալից յոբելանին մեկնարկը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ահա թէ ինչու Հայաստանեայց գրականութիւնը [Հայոց պատմութիւն] հարկ է ազատ տեսնել աշխարհագրական ու ցեղագրական կարգ մը պայմաններուն ստրուկ հետեւակութենէն»
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իրականութեան մէջ շատ տեղին եւ դասաւորուած կը գտնենք Արամ Ա. Կաթողիկոսին հարցադրումները, որովհետեւ մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ. մեր հայկական իրականութեան մէջ լուծումի կարօտ հարցերը շատ են, սակայն մէկը լուծելու համար պէտք է նախ ուրիշը լուծել, այդ իսկ պատճառով հարցադրումներու կարգը ճիշդ եւ տեղին կը նկատենք.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կուրութեան մասին խօսիլ՝ աւելորդ կրնայ նկատուիլ, քանի որ պահ մը մթութեան մէջ մնացած մարդուն զգացումը նոյնութեամբ զգալ կարելի չէ տեւապէս լոյսի մէջ ապրող մէկու մը համար։ Բայց կարելի չէ երեւակայել մութի մէջ տեւական մնալու պարտաւորուած մարդու մը զգացումները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երրորդ հարցը, որ ամբողջ սփիւռքը կը հետաքրքրէ, հետեւեալն է. «Ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի կառոյցները իրենց օրակարգերով, կանոնագրութիւններով, գործելակերպերով ու մտածելակերպերով դարձնել աւելի ուժական, այժմէական ու հաղորդական»։
Մօտեցող բազմաբեւեռ աշխարհակարգի իրողութիւնը արդէն կասկած չի յարուցեր՝ թէեւ իշխանական շրջանակներէն ներս անոր բովանդակութիւնը, ըստ էութեան, չ՚ընկալուիր։ Ի՞նչ կ՚ենթադրէ բազմաբեւեռ համակարգը, որո՞նք են աշխարհի նոր ճարտարապետութեան հիմնական յայտանիշները։
Զուիցերիոյ մէջ, Տաւոսէ ներս կազմակերպուած Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ունեցան հանդիպում մը։
Երէկ Թուրքիան ցնցուեցաւ Քարթալքայայէն հասած լուրերով։ Պոլուի այս գաւառակը, ինչպէս ծանօթ է, երկրի ձմեռնային զբօսաշրջութեան կեդրոններէն մին է եւ այս շրջանին՝ դպրոցական արձակուրդի բերումով արդէն բաւական այցելուներ կը հիւրընկալէ։
Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի հայութիւնը այսօր կ՚ողջունէ յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Նիւ Եորքի Պոլսահայ օժանդակութեան միութեան (C.A.R.S.) նախագահ Էլիզապէթ Քոտապաշ այսօր կը դառնայ 80 տարեկան։
«Երեւան մշտապէս կը փորձէ Մոսկուայի շահերը հաշուի առնել միջազգային հարթակներու վրայ ու կ՚ակնկալէ փոխադարձը»:
Հայաստան անկեղծ ջանքեր կը գործադրէ Հարաւային Կովկասի երկարատեւ խաղաղութեան համար եւ կը յուսայ, թէ Ռուսաստան կը խուսափի միակողմանի մեկնաբանութիւններէ: Ըստ Սերկէյ Լաւրովի՝ կողմերը յստակ կը գիտակցին բաց ու գործնական երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Որոշեցի անկեղծանալ անոր հետ, ինչքան ալ ամօթալի ըլլար այդ բանը…: Փոքր որոշումի մը հասած էի. եթէ կ՚ուզէի ամուսնանալ անոր հետ, ինչո՞ւ չպատմեմ անոր իմ պատմութիւնս Նատային հետ: