Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

Սպիտակ տունը շարժման անցած՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Զելենսքիի շփումը կազմակերպելու նպատակով:
Էրտողան-Ռութէ զրոյցին առընթեր, Հաքան Ֆիտան կապի մէջ անցաւ Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ժան-Նոէլ Պարրոյի հետ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

Նիկոլ Փաշինեան-Մեսուտ Փեզեշքիան բանակցութիւններ. Երեւան կը վստահեցնէ, թէ թոյլ չի տար իր տարածքէն որեւէ սպառնալիք ուղղուելուն Թեհրանի դէմ:
Իրան կը խրախուսէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը, կողմնակից չէ տարածաշրջանի հարցերու արտապատուիրակման եւ կ՚ակնկալէ իր մտահոգութիւններու փարատուիլը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կարեւոր է, որ ուսուցիչը երբեմն-երբեմն խոստովանի, թէ խարդախութեան կը դիմէ, որպէսզի խեղճ աշակերտի մը օգնէ յաջողելու համար: Ես այդ բանը կ՚ընէի…: Համիտին նիշերը միշտ լաւ էին, հակառակ անոր, որ միջակ էր, սակայն երբեք չէի զգացած իմ գնահատակններուս արդարութիւնը այնքան, ինչքան կը զգայի, երբ Համիտին գնահատականները կը դնէի…

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին։ Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատեր քննադատութեան ճշմարիտ իմաստը չհասկնալով՝ անիմաստ կը նկատեն քննադատութիւնը՝ այդ մէկը շփոթելով ատելութեան կամ հակակրանքի հետ։ Ըստ երեւոյթին, տակաւին դար մը կ՚ուզենք լաւապէս հասկնալու համար, թէ քննադատութիւնը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ համար կը քննադատեն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ժամանակի հոսքին մէջ միլիոնաւոր անուններ կը մոռցուին, շատերն ալ կը մնան միայն օրաթերթերու էջերուն մէջ, իսկ կան անուններ, որոնք կը փառաբանուին յաւերժօրէն։ Ասոնց կողքին կան նաեւ անուններ, որոնք կը յիշուին իբրեւ հասարակութեան ծաղրի ու նախատինքի առարկաներ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Առակացին մէջ մի քանի տեղեր կը խօսուի զաւակներու դաստիարակութեան մասին: Օրինակ, 29-րդ գլուխին 17-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արթնութիւնը մարդուս համար մահ ու կենաց հարց մըն է. եթէ կ՚ուզենք ապրիլ եւ ապրեցնել՝ անհրաժե՛շտ է, որ ամէն գնով պատրաստուինք արթնութեան համար եւ արթո՛ւն մնալու։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Քաղաքականութեան մասին գրել կամ խօսիլ չեմ սիրեր, սակայն, Հայաստանի ներքին վիճակը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի կամայ թէ ակամայ անդրադարձ ունենանք:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ամրան ճամբարէն ներս արձակուրդի համար հիւրընկալւած մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները երէկ հիւրընկալուեցան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Երէկ, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի մեռելոցին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կարպիս Սրկ. Չիչէք եւ այլ դպիրներ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։ Սպիտակ տան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրութեան լոյսին տակ վարչապետը ըսաւ. «Օգոստոսի 8-էն յետոյ մենք կ՚ապրինք բացարձակապէս ուրիշ Հարաւային Կովկասի մը, բացարձակապէս ուրիշ Հայաստանի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը շարունակուի Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դատավարութիւնը։ Երկրի դատական իշխանութիւնները նախընթաց օր մերժած էին Նորին Սրբազնութեան կալանքը դադրեցնելու միջնորդութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025

Իրանի նախագահին Հայաստան այցը. պահպանել տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւնը:
Թեհրան Երեւանի նկատառման կը յանձնէ իր անհանգստութիւնը՝ ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայութեան շուրջ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025

Ս. Աստուածածնի տօնը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններուն նախագահեց՝ Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Մօտաւոր անցեալի երկրաշարժով ցնցուած գիւղը թէեւ տակաւին աւերի հետքերը կը կրէ, սակայն, անոր գողտրիկ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը եւ աւանդական ժողովրդական խրախճանքը անցան բարձր տրամադրութեան մթնոլորտի մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025

Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը համախմբեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալները:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, բաց խորանին վրայ կատարուած խաղողօրհնէքին հետեւեցաւ հոծ բազմութիւն մը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025

Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքի առաջնորդները հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025

Ալասքայի հանդիպման լոյսին տակ այսօր Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՚ունենայ ծաւալուն արժեւորում մը:
Թրամփ Փութինի հետ տեսակցելէ անմիջապէս վերջ կը հիւրընկալէ Զելենսքին՝ եւրոպացի ղեկավարներու մասնակցութեամբ:

Էջեր