ՀԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻ ՔԱՆԻ ՆՄՈՅՇ

Վստահաբար նուազագոյնը մէկ անգամ մտածած պէտք է ըլլաք, թէ հին ժամանակաշրջանի մարդիկ ինչպէ՞ս կը դարմանէին իրենց ցաւերն ու հիւանդութիւնները, կը դիմադրէին ցաւը՝ երբ տակաւին բժշկութիւնը այսքան զարգացած չէր. մեր օրերուն՝ երբ բժշկութիւնը անցեալի հետ համեմատած արձանագրած է զարգացում, տակաւին մարդ կը դժուարանայ իր ցաւերուն լուծում գտնել: Անշուշտ, վստահաբար լսած էք բուսական բժշկութեան մասին, սակայն, գուցէ ծանօթ չէք մանրամասնութիւններուն։ Մօտաւորապէս 120 տարիներ առաջ գտնուած է հին ձեռագիր մը, որուն մէջ յիշուած է որոշ հիւանդութիւններու բժշկութիւնը. կ՚ենթադրուի, որ ան ունենայ աւելի քան 200 տարուան հնութիւն մը: Այս ձեռագիրը հին բժշկութեան մօտեցումին լաւագոյն օրինակներէն մէկն է: Սկսինք. 

Ա.- «Ականջն որ ցաւելով չի լսէ, զնուռն խորովէ եւ զջուրն տաք տաք ականջն կաթեցուր, լաւանայ Աստուծով»։ Արդի գիտութիւնը այս մէկը կասկածելի կը գտնէ, որովհետեւ նուռի հիւթը թթու ըլլալով կրնայ վնասել ականջը եւ թմբկաթաղանթը, սակայն, հին բժշկութեան մէջ, ըստ երեւոյթին, նուռի տաք ջուրը ականջին մէջ կաթեցնելով կը փորձէին ականջի ցաւը մեղմել։ Անշուշտ, այս մէկը գիտական ո՛չ մէկ փաստ ունի, սակայն փաստուած է, որ նուռի հիւթը իր մէջ ունի մանրէներու եւ բորբոքումներու դէմ պայքարելու յատկութիւն: 

Բ.- «Երբ դեղին ջուր երթայ ականջէն, սոխն ծեծէ եւ զջուրն ականջ կաթեցուր. լաւանայ Աստուծով»: Բոլորս ալ լսած ենք, որ սոխը ունի բազմաթիւ բժշկական յատկութիւններ։ Դարեր շարունակ սոխը օգտագործուած է որպէս բնական դեղ, որովհետեւ իր մէջ ունի հակաբորբոքային ազդեցութիւն։ Օգտակար է սրտի առողջութեան, արեան շաքարի կարգաւորման, ստամոքսային համակարգի բարելաւման եւ այլ հիւանդութիւններու: Արդի բժշկութիւնը խորհուրդ չի տար նման բան ընել, սակայն, սոխին ջուրը ականջին մէջ կաթեցնելը բազմաթիւ այլ աղբիւրներու մէջ եւս յիշուած է: 

Գ.- «Զբաղին ճրագուն հալեցուր եւ վարդին եղն հետ խառնէ եւ օրն երեք անգամ ցաւած ականջդ կաթեցուր, ցաւն կը կտրի եւ լսէ»։ Ինչպէս նուռը եւ սոխը, նոյնպէս ալ վարդը իր մէջ ունի հակաբորբոքային ազդեցութիւն եւ հին բժշկութեան մէջ ո՛չ միայն ականջին, այլեւ աչքին համար եւս կը գործածէին: Այս երեքը ականջին մէջ կաթեցնելով բորբոքումին վերջ տալ կը փորձէին: Արդի բժշկութիւնը խորհուրդ չի տար, որովհետեւ մարդու ականջը միշտ բորբոքումի պատճառով չի ցաւիր:

Դ.- «Ականջ որ խլանայ, չոր խոտ եռացու քացխով եւ ականջն կաթեցու»: Այս մէկը ինչքանո՞վ ականջի ցաւը կը մեղմէ՝ չենք գիտեր, որովհետեւ արդի բժշկութիւնը կը զգուշացնէ թթու նիւթեր հեռու պահել մորթէն՝ մանաւանդ ականջէն, հակառակ անոր որ քացախը եւս ունի մաքրելու եւ բորբոքումները հեռացնելու շնորհ. մինչեւ օրս շատ մը մայրեր լուրջ աղտերը քացախի ճամբով կը մաքրեն՝ որովհետեւ ջուրէն եւ կամ այլ նիւթերէն շատ աւելի ազդու է: Գալով խոտին՝ մարդիկ կը հաւատային, որ խոտը կը լաւացնէ մարդու արեան շրջանառութիւնը: 

Ե.- «Քթի արիւն որ չի դադրի, առ զանթառամ ծաղիկ, լոսէ մանր եւ մասրայով սրբէ ի քիթն»։ Կը կարծենք այս մէկը շատ աւելի տրամաբանական կրնայ թուիլ՝ քան վերոյիշեալ չորսը. մարդիկ կը հաւատային, թէ կան որոշ ծաղիկներ, որոնք մարդու վէրքը շատ աւելի շուտ բուժելու յատկութիւն ունին։ Անշուշտ, այդ ծաղիկը ինչքան թարմ ըլլայ՝ այնքան աւելի խոր ազդեցութիւն կ՚ունենայ: 

Զ.- «Աչքդ որ արիւն ունի, առ նշաստայ ու շաքար մէյմէկ կրամ եւ իշու կաթով շաղաղէ եւ աչքդ դիր»։ Մինչեւ այս տարիքս էշու կաթ չեմ խմած, սակայն, ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, որ հին բժշկութեան մէջ իշուն կաթը ունի իր յատուկ տեղն ու դերը. ըստ ուսումնասիրութիւններու՝ էշու կաթը շատ աւելի դիւրամարս է՝ քան սովորական կովու կաթը. սակայն, այդ կաթը ինչպիսի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ աչքին համար՝ յստակ չէ: Ըստ բժշկութեան, էշու կաթը հարուստ է սպիտակուցներով, երկաթով եւ տարբեր կենսանիւթերով: Էշու կաթ խմելով մարդու ներքին դիմադրողականութիւնը կը զօրանայ: 

Է.- «Երբ ակռանիդ հաւասար ցաւին, առ զգարի ալուրն, քացխով հաց արա եւ այրէ ու լոռէ եւ հար զլնտերդ, ամրանայ եւ լաւանայ»։ Հին բժշկութեան մէջ շատ կարեւոր եւ մեծ տեղ կը գրաւէ ակռայի ցաւը, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, այն ցաւերէն է, որոնց մարդ դիւրին դիւրին չի կրնար դիմանալ կամ համակերպիլ: Միշտ ալ տարբեր խոտեր, նիւթեր եւ հիւթեր օգտագործուած են մեղմելու համար ցաւը։ Քացախը օգտագործուած է որպէս թուլացնող միջոց: 

Զ.- «Կինն որ ի կաթէն ցամքի, սամիթն եփէ ի ջուրն եւ խմէ եւ զճերմակ ցորեն, զսիսեռն եւ զբակլան մեղրով եփէ, տուր որ խմէ, կաթն յորդի Աստուծով»: 

Այս բոլորին մէջ կը նկատենք, որ գրեթէ ամէն բուժումի վերջաւորութեան «Աստուծոյ» բառը գոյութիւն ունի. պատճառը այն է, որ հին ժամանակ մարդ կը հաւատար, որ բոյսերը եւ բժշկութեան բոլոր տեսակները կրնան ցաւը մեղմել, սակայն, բժշկութիւնը Աստուծոյ ողորմութեամբ է, որ կը տրուի մարդուն. հիւանդութիւնը մարմնական խնդիր ըլլալէ աւելի կը դիտուէր որպէս Աստուածային միջամտութիւն եւ հետեւաբար պէտք էր վստահիլ բուսական բժշկութեան, սակայն, բժշկութիւնը անոնցմէ աւելի Աստուծմէ պէտք էր յուսալ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մերօրեայ դեղերուն մէջ հին բուսական բժշկութենէն նմոյշներ կա՞ն:

Պատասխան. Այո, մերօրեայ դեղերուն մեծամասնութեան մէջ կարելի է գտնել հին բուսական բժշկութենէն բաղադրիչներ: Օրինակի համար՝ մանանեխը, որ հին ժամանակ բժշկութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է, այսօր եւս կը գործածուի արդի բժշկութեան մէջ: Բժշկութիւնը կը զարգանայ, սակայն, հին բժշկութիւնը կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը ունենալ մերօրեայ բժշկութեան մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025