ՊՈՒՐԿԱԶԻ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ

Ս. Աստուածածնի տօնին ընդառաջ, երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այցելեց Պուրկազ կղզի, ուր Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայածէս արարողութիւն մը։ Հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւին առընթեր, ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Արարողութեան ընթացքին հայր սուրբը տուաւ քարոզ մը, նաեւ իր հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէք։

Շաբաթ, Օգոստոս 16, 2025