Արխիւ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
2000 թուական. «Փութինը հզօր ղեկավար է: Մենք ամբողջ կեանքը ռուսի շվաքի (ստուերի) տակ ապրած ենք, այդպէս ալ պիտի երթայ: Փութին, որ շատ ջղայնանայ, մեզ Մասիս սարը կը վերադարձնէ: (…)»:
Հանրապետութեան նա-խագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէր այս երկուշաբթի պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ժամանէ Թուրքիա։ Հիւր նախագահին ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ Իսթանպուլը։ Արդարեւ, Թարապիոյ մէջ Գերմանիոյ հիւրատան համալիրէն ներս նախատեսուած է ընդունելութիւն մը։
Թուրքիա Մերձաւոր Արեւելքի ազդու բոլոր դերակատարներուն հետ անմիջական շփման մէջ կը մնայ:
Նախագահ Էրտողան այս շաբաթավերջին կ՚ընդունի Իսմայիլ Հանիյէն, Հաքան Ֆիտան կը տեսակցի Սեմիհ Շիւքրիի հետ:
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանազատման բանակցութիւններուն գծով սկզբնական համաձայնութիւն գոյացաւ. Ատրպէյճան կը ստանայ 4 գիւղերը, Հայաստան-Վրաստան ճանապարհի պարագային առ այժմ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր: Յանձնուելիք գիւղերու բնակիչները արդէն փակած են ճանապարհները:
Հայկական պաշտօնական աղբիւրները անվտանգային ռիսքերու նուազեցման մասին կը խօսին: Եւրոմիութիւնը երէկուան պայմանաւորուածութիւնները կ՚որակէ յուսադրիչ նորութիւն: Մեծն եօթնեակի նախարարներուն կողմէ կոչ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վահէ օշականի շուրջ 30 տարուան տագնապները կը շարունակուին (2):
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Յոբելենական թուականներ կան, որոնք անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ կ՚ապահովեն նաեւ տուեալ ժողովուրդին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։ Ու մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, այս օրերուն, այդ թուականներէն ամենէն էականն է 1915-ը, որ արդէն մեր հաւաքական գիտակցութեան վրայ իր հաստատ ու ամուր կնիքը դրած է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընկերութիւնը «ընկերային արդարութիւն»ը կ՚ապահովէ, երբ կ՚իրականացնէ այն պայմանները՝ որոնք թոյլ կու տան համախմբումներուն եւ մարդոց իւրաքանչիւրին ստանալու ի՛նչ որ իրենց անկ է ըստ իրենց բնութեան եւ կոչումին։
Ընկերային արդարութիւնը զօդուած է «հասարակաց բարիք»ին եւ իշխանութեան գործադրութեան հետ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, որ երջանկութեան հասնելու ձգտումը կը նմանի քնանալ փորձելու։ Որքան շատ կը փորձէք քնանալ, այնքան շատ կը կորսնցնէք ձեր քունը: Նմանապէս, որքան շատ կը փորձէք երջանիկ ըլլալ, այնքան աւելի դժուար կ՚ըլլայ երջանկանալը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի ամենէն իմաստուն խօսքերէն մէկը կարելի է նկատել «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» խօսքը, որովհետեւ ինչքան անցեալը կարդանք, այնքան աւելի նմանութիւն կը տեսնենք մեր ներկային հետ. յաճախ այսօր կը բողոքենք, թէ գրեթէ բոլորը Ամերիկա երթալու երազով կ՚ապրին: Պատկերը նոյնն էր մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ եւս. Խրիմեան Հայրիկն է գրողը.- «Ամէն տարի Եւրոպիոյ ամէն ազգերէն հարիւր հազար ընտանիքներ գաղթական կ՚երթան դէպի յԱմերիկա:
Գարակէօզեան տան խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Սա յատկանշական ուղեւորութիւն մըն էր տղոց տեսակէտէ՝ գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի Գարին Պալ-Տեմիրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղի հայերու ներկայացուցիչները՝ Յովսէփ Արզումանը եւ Յակոբ Թորոսօղլուն։
Մեր համայնքի հեղինակաւոր ու համակրելի մեներգիչներէն Արթիւր Պաղտասարեան նախընթաց օր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահէն ներս։ Ան մասնակցութիւն բերաւ՝ «Ժամանակներու մէջ երաժշտութեամբ ուղեւորութիւն» կարգախօսով կազմակերպուած ծրագրի մը։ Պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեանի առընթեր, այս ձեռնարկի յայտագրին մասնակցեցան սոփրանօ Շէնիզ Էրտինչ եւ դաշնակահարուհի Պուրճու Էրսին։
Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ խտացեալ շփումները կը շարունակուին՝ Պաքուի բողոքներով հանդերձ:
Հայաստան եւ Ֆրանսա մշտական կապի մէջ՝ Հարաւային Կովկասի ճակատագրական իրադարձութիւններուն առընչութեամբ:
Մոսկուա-Երուսաղէմ «Իմ խաղաղութիւնը կու տամ ձեզի» խորագրեալ միջկրօնական համաժողով:
Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեան հանդէս եկաւ բովանդակալից ու համապարփակ ելոյթով մը:
Խաղաղապահներու հայաթափուած Արցախէն վաղահաս հեռացման զուգահեռ՝ յարակից նոր քայլ մը:
Աղտամի մէջ տեղակայուած Թուրքիա-Ռուսաստան դիտարկման համատեղ կեդրոնը կ՚ամբողջացնէ իր գործունէութիւնը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգ մը միաբաններ նշանակուեցան նոր պաշտօններու։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը այս նշանակումներուն կապակցութեամբ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վահէ Օշականի շուրջ 30 տարուան տագնապները կը շարունակուին (1)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները առիթ չեն փախցներ խօսելու պետութեան եւ պետականութեան մասին: Բնականաբար, շատ յաճախ այդ առիթները անտեղի կերպով կ՚օգտագործեն, այդպիսիով թէ՛ իրենք զիրենք նուաստացնելով եւ թէ իրենց խօսքը արժէզրկելով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նախ.- պարզապէս պատմական յիշեցում մը։
1604-05-ին, շուրջ 300 հազար հայեր բռնագաղթի ենթարկուեցան դէպի Իրան եւ յատկապէս Սպահան եւ շրջակայ գիւղերը: Հայաստանի շէն եւ ծաղկուն Ջուղա քաղաքի բնակիչները օտար հողի վրայ հիմնեցին իրենց նոր քաղաքը՝ զայն անուանելով Նոր Ջուղա:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ աշխարհը կը նշէ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու օրը: Ամէն տարի 18 ապրիլին այս օրուան ընթացքին աշխարհով մէկ զանազան միջոցառումներ կ՚իրականացուին՝ համաշխարհային ժառագութեան պահպանման առումով, յուշարձաններու այցելութիւններ, համաժողովներ, յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու մաքրում տեղի կ՚ունենայ, կը կազմակերպուին կլոր սեղաններ։