ԸՍՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ՝ TRIPP-Ի ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ 2026-Ի ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԷՍԻՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ TRIPP-ի շինարարական աշխատանքներու սկիզբը կը նախատեսուի 2026 թուականի երկրորդ կէսին։
«Արմէնփրէս» գոծակալութեան հաղորդումներով՝ երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան TRIPP-ի հեռանկարներուն անդրադարձաւ՝ պատասխանելով երեսփոխաններու հարցումներուն։
Ըստ վարչապետին՝ մինչեւ այս տարեվերջ պէտք է թուղթի վրայ նկարագրուած ըլլան բոլոր մանրամասնութիւնները, իսկ յառաջիկայ տարուայ առաջին կէսին պէտք է համաձայնեցուին զանոնք, իսկ երկրորդ կէսին պէտք է սկսին շինարարական աշխատանքները։ Իր խօսքով՝ ներկայիս այս է մշակուած ծրագիրը, սակայն, նման նախագիծերը յաճախ կ՚ունենան ժամկէտային շեղումներ։
Փաշինեանի խօսքով՝ երկաթուղին պիտի անցնի Խորհրդային ժամանակ գոյութիւն ունեցած ուղղութեամբ, որովհետեւ ուրիշ հատուածի մէջ երկաթուղի կառուցելը իրատես չէ։ «Կազամուղը եւ ելեկտրական գիծերը պիտի կառուցուին անկէ դէպի հիւսիս ձգուած հատուածով», աւելցուց ան։
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ այս գործընթացը հիմնուած է Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած, Ուաշինկթընի հռչակագրով ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ։ Այսինքն, տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը, փոխադարձութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը առանցքային նշանակութիւն պիտի ունենան։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն կրկնեց, որ TRIPP-ը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան բաղադրիչներէն մին է։ TRIPP-ի միջոցաւ կը նախատեսուի նաեւ ապահովել կապ Ատրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի միջեւ։