MELLON BLUE ԵՐԿՆԱԳՈՅՆ ԱԴԱՄԱՆԴԸ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՎԱՃԱՌՈՒԱԾ
«Mellon Blue» հազուագիւտ երկնագոյն ադամանդը՝ 9,51 քարաթ քաշով, Ժընեւի մէջ, Զուիցերիա, վաճառուած է 20,5 միլիոն զուիցերական ֆրանքով (25,6 միլիոն ամերիկեան տոլար)։ Ադամանդը աւելի առաջ պատկանած է ամերիկացի բարերար Ռէյչըլ Մելոնին, որ նաեւ ԱՄՆ-ի նախկին առաջին տիկին Ժագլին Քենետիի մտերիմ ընկերուհին էր։
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին հաղորդած է «Christie՚s» աճուրդատունը։
Յագեցած գոյնի շնորհիւ «Mellon Blue»ն դասուած է վառ, մտացածին ադամանդներու հազուագիւտ դասակարգին, որու շարքին են բոլոր հազուագիւտ կապոյտ ադամանդներու գրեթէ միայն մէկ տոկոսը։ Բացի այդ, քարը զերծ է ներքին թերութիւններէ։ Ժընեւի «Christie՚s» աճուրդատան ոսկերչական իրերու բաժնի ղեկավար Մաքս Ֆոսեթի խօսքով՝ այդ քարը կը համարուի «շուկայի վրայ երբեւէ յայտնուած ամենագեղեցիկ գունաւոր քարերէն մին»։
Ադամանդը առաջին անգամ աճուրդի հանուած է Մելոնի մահէն յետոյ՝ 2014 թուականին եւ վաճառուած է մրցանիշային 32,6 միլիոն տոլարով։ Նոր սեփականատէրը վերանորոգած է քարը՝ անոր թափանցիկութիւնը բարելաւելու համար։ Իբր այդ, քարը կորսնցուցած է իր սկզբնական 9,75 քարաթ քաշը եւ կախազարդէն վերածուած է մատանիի: