ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒՀԱՆԸ
Ամերիկայցի միլիառատէր Ռէյ Տալիօ կը շեշտէ, որ Չինաստանի մէջ մէկ շունչին եկամուտը 26 անգամ աճած է 1984-էն ի վեր։ «Չինացիները պէտք է կատարեալ յիմար ըլլան, որպէսզի չհասնին ԱՄՆ-ին», կ՚ըսէ ան:
Թէ ինչպէ՞ս կրնայ արձագանգել ԱՄՆ Չինաստանի այս վերելքին:
Տալիոյի խօսքով՝ ԱՄՆ գուցէ պատժամիջոցներ կիրառէ Չինաստանի դէմ։ Բաց աստի, ԱՄՆ կրնայ փորձել խափանել ներդրումներն ու ձեռնարկատիրութիւնները Չինաստանի մէջ:
«Չինական ապրանք գնելը կամ նոյնիսկ Չինաստանի մէջ գործ ընելը կարելի է նոյնացնել ռուսական ապրանք գնելու հետ։ Այսինքն կայ իրաւախախտում մը։ Սա կը վնասէ թէ՛ երկիրներուն եւ թէ ամբողջ աշխարհին, որովհետեւ Չինաստան սերտօրէն կապուած է այլ պետութիւններու հետ։ ԱՄՆ-ի արդիւնաբերական արտադրանքի 22 տոկոսը կը ներածուի Չինաստանէն», դիտել կու տայ ան։
Թէեւ պատժամիջոցներու մասին կը խօսուի, սակայն, անոնք անկարող են լուծել բոլոր խնդիրները։ Յամենայնդէպս, սա ԱՄՆ-ի միակ զէնքն է։ Տալիօ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ նաեւ այլ ուղղութեան մը վրայ. «Առայժմ, նոյնիսկ մեզի համար ամենահաճելի գնահատականներով, Ռուսաստանի ՀՆԱ-ի անկումը չի գերազանցեր 15 տոկոսը։ Սա քիչ է, բնակչութիւնը կը դիմանայ։ Վլատիմիր Փութին իշխանութեան գլուխ մնալու պիտի դժուարանայ, երբ այդ անկումը հասնի 40 տոկոսի սահմաններուն»։
Ըստ Տալիոյի՝ այդ պատժամիջոցներէն կը տուժէ նաեւ արեւմուտքը։ «Միւս պետութիւնները յարձակողական կերպով կը ձերբազատուին ԱՄՆ-ի պետական բաժնետոմսերէն, որովհետեւ կը վախնան, թէ իրենց հետ վարուին այնպէս, ինչպէս Ռուսաստանի հետ։ Սա կը փոխէ ուժերու յարաբերակցութիւնը ամբողջ աշխարհով», կը մատնանշէ ամերիկացի միլիառատէրը։
Թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհակարգը: Ըստ Տալիոյի՝ ամէն ինչ ինծի կը յիշեցնէ 1938 եւ 1939 թուականները, երբ աշխարհ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի շեմին էր: Երկու գերտէրութիւններ կը հակադրուին իրարու դէմ եւ անոնց կ՚աջակցին տարբեր դաշնակիցներ։ Այս ամբողջին մէջ որոշիչ կ՚ըլլայ, թէ Հնդկաստան դէպի ո՞ր կողմը կ՚երթայ։ Այս երկիրը կրնայ աջակցիլ Ռուսաստանի տնտեսութեան, եթէ արեւմուտքը պոյքոթի ենթարկէ զայն։ Ամէն պարագայի, համաշխարհայնացեալ աշխարհի դարաշրջանը՝ նուազագոյն առեւտրային սահմանափակումներով եւ դրամագլուխի ազատ տեղաշարժով մոռացութեան մատնուած է։
Ռէյ Տալիոյի կանխատեսումներով՝ պէտք չէ աւանդները կանխիկ ներդնել դրամատնային հաշիւներու մէջ կամ բաժնետոմսերու։ Ըստ էութեան, այսպէսով գումարը ներդրուած կ՚ըլլայ ուրիշներու պարտքերու մէջ։ Տոկոսները չեն ծածկեր գնաճը։ Ինքնախաբէութիւն է բաժնետոմսերը կամ կանխիկ գումարը՝ որպէս ներդրման յուսալի միջոց համարելը, որովհետեւ անոր համար պէտք է վճարել իրական բացասական տոկոսով, այսինքն գումարի գնողունակութեան նուազմամբ։
Երկրորդ՝ աւանդները պէտք է կառավարուին զանազան ներդրումային մեթոտներով եւ տարբեր երկիրներու մէջ: Ամերիկացի միլիառատէրը կ՚եզրակացնէ.
«Ես երեք բանի կը նայիմ։ Այն երկիրները, որոնք աւելի շատ կը շահին՝ քան կը ծախսեն, այսինքն ունի՞ն կոշտ պիւտճէ։ Յետոյ, ի՞նչ քաղաքական իրավիճակ կայ այնտեղ։ Համագործակցութեան մշակոյթ կա՞յ, թէ մարդիկ իրարու կոկորդ կը սեղմեն։ Ի՞նչ վտանգ կայ, որ երկիրը ներքաշուի պատերազմի։ Այն երկիրները, ուր ես կը ցանկամ ներդրումներ կատարել, ունին ողջամիտ բնակչութիւն եւ ամենակարեւորը՝ չեն փափաքիր պատերազմիլ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
- վերջ -
Երեւան