Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ կազմակերպուած STEM մրցոյթը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս միջվարժարանային ձեռնարկը կարեւոր էր՝ քանի զանազան հարցերու լուծման ընդունակութեան առումով արդիական հիմնական ուսուցման մեթոտներէն մէկուն վրայ հիմնուած է։

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ գլխաւորեց՝ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած դէպի Արմաշ ուխտագնացութիւնը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ 

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ափոֆենի մանաւանդ հոգեբանութեան մէջ յարաբերաբար նոր հայեցակարգ մըն է, որ կ՚արտայայտէ այն երեւոյթը, երբ մարդը պատահական եւ կապակցութիւն չունեցող տուեալներու մէջ իմաստ, օրինաչափութիւն կամ ձեւ մը կը տեսնէ։

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան՝ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու դեսպանները, որոնք տարածաշրջանային սեմինարի մը մասնակցեցան Երեւանի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025

ԱՄՆ կը ջանայ կանխել նոր յարձակումը, Թուրքիա կ՚ակնկալէ վերջնական խաղաղութեան հաստատումը:
Ֆիտանի Ռուսաստան այցին ընդառաջ՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները:

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոգեւորականներ, «իբրեւ ստանձնուած առաջնահերթ պարտականութիւն ունին Աստուծոյ Աւետարանը բոլոր մարդոց քարոզելու». (ՄԱՐԿ. ԱԶ 15), ըստ Տիրոջ պատուէրի։ Արդարեւ, անոնք Քրիստոսի հեղինակութեամբ օժտուած են։

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անշուշտ (կարծես ինչպէս ամէ՛ն մտաւորականի պարագային), կեանքը Ալիքեանի հանդէպ արդար չեղաւ. հայ ազգը չկրցաւ գնահատել մայրենի լեզուն աստուածացնող մտաւորականը եւ իր ծերութեան մէջ լքեց զինք.

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան առիթով տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուա բարձրագոյն մակարդակով ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը Ատրպէյճանին, ունի յստակ ենթաուղերձ մը:

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները նախընթաց օր այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցիները։

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025

Հայաստան-Ռուսաստան գործակցութիւնը զարգացնելու ջանքեր՝ ծանրաբեռնուած օրակարգի պայմաններով:
Երեւան չի պատրաստուիր Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու վերաձեւաւորման՝ հակառակ դիրքորոշումներու տարբերութեան:

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան համոզուած է, թէ Հայաստանի կապը պէտք է աշխուժանայ դասական սփիւռքի հետ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025

ՏՔԹ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ*

Սփիւռքի կառոյցները չեն կրնար միայն բեմ ըլլալ, նոր սերունդը ինչպէ՞ս կրնայ յայտնաբերել իր դերը, արտայայտել իր ձայնը եւ ի գործ դնել կարողութիւնները:
Համայնքային կազմակերպութիւնները չեն յարմարիր ժամանակներու փոփոխութիւններուն, չեն արդիականացած եւ չեն ցոլացներ մերօրեայ մտածելակերպը: Եթէ կառոյցները լուրջ են իրենց առաքելութեան մէջ, ապա պէտք է դուրս գան միապաղաղ աւանդութիւններու սահմաններէն, ընդարձակեն իրենց տեսլականը եւ ստեղծեն ներառական ու ստեղծագործ միջավայրներ:

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 98 տարեկանին մահացած է սփիւռքահայ մտաւորականութեան երէց սերունդի վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը՝ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, վիպագիր եւ թատերագիր Սարգիս Վահագնը (Սարգիս Գաբրիէլ Փաթափութեան):

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հակառակ անոր, որ ողորմած մայրս Պոլիս ծնած էր, մենք, երեք եղբայրներով, մեր մանկութեան, պատանեկութեան եւ վաղ երիտասարդութեան տարիներուն, մեր տան մէջ եւ կամ նոյնիսկ եօթը դրացիներով խճողուած բազմամարդ բակէն ներս, թրքերէնով խօսակցութեան կամ թրքերէնով արտայայտութիւններու, շատ քիչ հանդիպած էինք:

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցնող տասն օրերուն համացանցը լեցուած էր Հայաստանի Արմավիր մարզի գիւղերէն մէկուն դպրոցի մէջ կատարուած իրադարձութիւններով: 
Մի քանի տեսանիւթեր յայտնուած էին, ուր յստակ կ՚երեւէր, թէ ինչպէս աշակերտներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ գայլի ոհմակ կտրած, ամենէն անարգ եւ անբարոյական ձեւով կը նուաստացնէին ուսուցչուհի մը, որ հակառակ իր հասցէին հնչած վիրաւորանքներուն եւ անարգանքներուն, քաղաքավար ձեւով, առանց ինքնատիրապետումը կորսնցնելու կը պատասխանէր իր դէմ ուղղուած անարգանքներուն ու վիրաւորանքներուն: 

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Խոստովանիլ» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ գաղտնի մնացած ճշմարտութիւն մը, իրականութիւն մը յայտնել։ Ան ունի զանազան մասնակի նշանակութիւններ. «յանցանքը ընդունիլ՝ յայտնելով զայն, այս իմաստով՝ գաղտնի արարքի յայտնում գործողին բերնով»։

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որոնք հայերէն կը գրեն, սակայն, կան նաեւ քիչեր՝ որոնք հայերէն կը ծնանին. ոմանք հայերէն կ՚արտայայտուին, իսկ քիչեր հայերէն կ՚ապրին, կը զգան եւ մինչեւ իսկ հայերէն կը մեռնին. քիչեր՝ որոնց ճամբով լեզուն մարմին ու հոգի, կեանք ու շունչ կը ստանայ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025

ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սիրելի՛ Աբրահամ,
Չեմ գիտեր, թէ որո՞ւ պիտի ղրկեմ այս նամակը: Խոստումս եղած էր քեզի, որ իւրաքանչիւր մայիս ամսուան կիսուն, գերեզմանիդ կակաչներ պիտի տանիմ ու տարածեմ զանոնք գերեզմանիդ վրայ… Ահաւասիկ մայիսի կէսն ենք եւ ո՛չ մէկ կակաչ կրցած եմ գտնել…, եւ եթէ գտնեմ ալ, ինչպէ՞ս պիտի հասնիմ գերեզմանիդ, որպէսզի տամ զանոնք քեզի…

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդիկ յաճախ սա հարցումը կը հարցնեն երբ իրենց փորձանք մը, պատուհաս մը պատահի. «Ինչո՞ւ ինծի…»։ Բայց ո՛չ ոք բացառութիւն է այս աշխարհի վրայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ հիմա ըսեմ, հայ մտաւորականը մարմնավաճառէն չի՛ տարբերիր… զարմացա՛ծ պիտի նայիք: 
Յաճախ կան յօդուածներ, որոնք կ՚ուզես գրել, սակայն, որոշ վերապահութիւններ քեզ հեռու կը պահեն այդ յօդուածը գրելէ. կ՚ուզես շատ մը երեւոյթներու մասին խօսիլ, որոշ անուններ յիշել, սակայն, ստիպուած կ՚ըլլաս որոշ սահմաններ նկատի ունենալ, որովհետեւ վերջապէս ամէն հաստատութիւն ու կառոյց ունի իր մօտեցումներն ու համոզումները, որոնք որպէս գրող ստիպուած կ՚ըլլաս յարգել։

Էջեր