Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակութեան տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց այս տարի նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Ալէն Սրկ. Ներկիզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ նոյնպէս գլխաւորութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Ներկայ էին նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ գործակից ընկերները։ Նորին Սրբազնութիւնը հաւաքոյթի ընթացքին յուշանուէր մը յանձնեց հայր սուրբին եւ սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ բարձր տրամադրութեամբ։
