Սրտի խօսք՝ առ «Ազգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան
Յարգելի եւ շատ սիրելի պարոն Աւետիքեան,
Կեանքի լաւ կողմերէն մին է, որ երբեմն բացթողումները, ակամայ թերացումները հաւասարակշռելու, դարմանելու կամ նորոգելու առիթներ կը ներկայանան։ Շաբաթավերջի մեր հեռախօսազրոյցը այդօրինակ էր նուաստիս համար։ Մօտաւոր անցեալի Ձեր 80-ամեակը ակամայ մոռցած էի շնորհաւորելու, բայց, կարծես զղջման պատուհան մը բացուեցաւ՝ Ձեր անուանակոչութեան օրով։ Սուրբ Յակոբի առթիւ հեռաձայնեցի Ձեզի ու եղաւ՝ մէկ քարով երկու թռչուն։ Արհեստական բան մը ըրած ըլլալու զգացումը չունիմ՝ քանի մեր յարաբերութիւնը եղած է իրական, անկեղծ եւ մանաւանդ՝ մեր շփումները միշտ բնական ու հարթ եղած են՝ առանց տակաւին խօսելու մեր վաղեմի արդիւնաւէտ համագործակցութեան մասին։ Թոյլ տուէք կանխաւ ըսել, որ Ձեր յոբելեանը շնորհաւորելը բացառիկ ուրախութիւն է, նաեւ մեծ պատիւ…
*
1995 թուականէն ի վեր ծանօթ ենք. արդէն 30 տարի։ Ձեզ ճանչցած օրս 22 տարեկան էի, իսկ Դուք՝ իմ այժմու տարիքէն բաւական աւելի երիտասարդ։ 1995-ի կաթողիկոսական ընտրութեան հետեւելու համար առաջին անգամ կ՚այցելէի Հայաստան։ Մեծ հայրս, որմէ ժառանգած եմ ասպարէզս եւ որու անուանակիցն եմ, պատուիրած էր՝ այցելել «Ազգ»ի խմբագրատունը եւ յայտնել, որ կը ներկայացնէի Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Հարցուցած էի պատճառը եւ պատասխանը եղած էր իրեն բնորոշ ձեւով, թէ ցանկութեան եւ ժամանակ գտնելու պարագային կրնայի այցելել նաեւ այլ թերթերու խմբագրատուներ։
Ի վերջոյ, կեցութեանս առաջին իսկ օրերուն էր, որ փութացած էի Ձեր այցելութեան։ Չէինք ժամադրուած։ Այդ պահու դրութեամբ, անշուշտ, տակաւին չէի կրնար անդրադարձած ըլլալ, թէ առաջին անգամ Հայաստան այցը տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ պիտի ստանար նաեւ՝ առաջին անգամ «Ազգ»ի խմբագրատունը այցելած ըլլալու երանգը։
Անմոռանալի հանդիպում մըն էր, իսկապէս։ Դուռը թակելէ վերջ, երբ մտած էի Ձեր աշխատասենեակը, գրիչը յանկարծ թողելով՝ ինծի ուղղած էիք Ձեր հայեացքը։ Տակաւին տուեալ պահու անծանօթին բան մը ըսելու առիթը չէիք ունեցած, որ թութակի պէս կրկնած էի մեծ հօրս պատուիրածը։ Հազիւ տեղաւորուած էի՝ Ձեր ժպիտով ցոյց տուած աթոռին վրայ, որ արդէն սկսած էինք զրուցել։ Նրբանկատօրէն հաշուի առնելով սերունդի տարբերութիւնը՝ ինծի ուղեկցած էիք դէպի լրագրողներու սենեակը, ուր յարաբերաբար աւելի հասակակից պաշտօնակիցներ ճանչնալու երջանկութիւնը ունեցած էի։ Այդ տարիներուն՝ դատելով Պոլսոյ վիճակէն, այդքան երիտասարդ ու այդքան շատ թիւով հայ լրագրողի գոյութիւնը նուաստիս համար աներեւակայելի էր։
*
Այդ առաջին ծանօթութեան օրը, մեր յարաբերութեան մեկնարկը քանդակուած է յիշողութեանս մէջ։ Բնականաբար, տակաւին ինչ-ինչ դրուագներ կան պատմելու, վերյիշելու, սակայն, մէկ կողմէ գրութեան ծաւալի հարցը կայ, իսկ միւս կողմէ կը մտածեմ, թէ թող մնան միայն մեզի։ Նախա՞նձ…
Մեր ծանօթութեան ժամանակաշրջանը Ձեր կեանքի մէկ երրորդէն աւելի քիչ է, իսկ իմ կեանքի կէսէն աւելիին կը համապատասխանէ։ Յամենայնդէպս, մեր երկուքին ալ լրագրական գործունէութեան տեսակէտէ տոկոս մը կը կազմէ այն, ինչ որ մեր կոչումով՝ աւագ ու կրտսեր կերտած ենք միասնաբար այսքան տարիէ ի վեր։
*
Յաջորդող տարիներուն չեմ գիտեր քանի անգամ այցելած եմ Հայաստան։ Արդէն ամէն երեկոյ կը հանդիպէի խմբագրատուն՝ ձեւով մը օրը ամփոփելու համար։ Մեր զրոյցները նուաստիս համար այնքան բարձր նշանակութիւն ունէին՝ քանի փորձաքարի առջեւ կը կանգնեցնէի դիտարկումներս ու մտածումներս, իսկ Դուք ամէն անգամ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէիք, որպէսզի բացայայտէի դէպքերու, խնդիրներու, երեւոյթներու յաւելեալ ծալքերը։ Գործնականօրէն, յաճախ Պոլիսէն ալ կը հեռաձայնէի՝ խորհրդակցելու համար։ Երբեմն, երբ հաղորդակցութեան միջոցներու կաղացումներ կը յառաջանային, յանձն կ՚առնէիք հեռաձայնի վրայ մէկ շունչով ամբողջ օրուայ իրադարձութիւնները ամփոփել։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձի շրջանին թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պոլսոյ մէջ լուրջ նպաստ բերած էիք յոբելենական նախաձեռնութիւններուն՝ անթաքոյց խանդավառութեամբ։
Հայաստանէն կամ սփիւռքէն բազում գործիչներու հեռաձայնի թիւերը կը ճարէի Ձեզմէ։
Լրագրական համագումարներու մասնակցած ենք միասին։ Անոնցմէ մին Ստեփանակերտի մէջ էր եւ առաւօտները՝ պանդոկէն համագումարի դահլիճ միասին քալելու ատեն՝ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէիք անցորդներու խօսակցութիւններուն՝ հետեւութիւններ ընելով Արցախի բարբառի մասին։
Եւ թոյլ տուէք, խնդրեմ, յիշել Երեւանի այն երեկոյթը, որու ընթացքին պատիւն ունեցած էի Ձեր ազնուափայլ տիկնոջ հետ պարելու։ Եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ, կարծեմ՝ Թէքէեան մշակութային միութեան ձեռնարկներէն մին էր։
*
Պարոն Աւետիքեան,
Սահեր գացեր են տարիները։ Քանի նուաստիս կազմաւորման վրայ ազդեցութիւն գործած անձնաւորութիւն մըն էք՝ ակամայ շեշտադրումներս կ՚ուղղուին Ձեր ազնիւ ու առաքինի մարդկային կերպարին, բայց, աւելորդ է, ըսել, որ Դուք հայ լրագրութեան անդաստանէն ներս վառ հեղինակութիւն մըն էք, անկրկնելի մեծութիւն մը, մեծանուն վարպետ մը։ Ո՛չ միայն «Ազգ»ի գլխաւոր խմբագիրը եղած էք, այլեւ՝ «Ազգ»ի դպրոցի տնօրէնը։
Հրապարակային խօսքի վերաբերեալ Ձեր զգացողութիւնները չափանիշի վերածուած են հայ մամուլէն ներս։ Ձեր կեանքի ոդիսականը ապացոյց մըն է, որ ամէն մնայուն արժէք կը խմորուի տարուբերումներու մէջ։ Դուք ծնաք Լիբանան, ուսման համար գացիք Հայաստան, Լիբանան վերադարձաք՝ «Զարթօնք»ի գլուխը անցաք ու դարձեալ Հայաստան՝ որպէս «Ազգ»ի հիմնադիր ու գլխաւոր խմբագիր։ Տասնամեակներէ ի վեր անձնդիր կը ծառայէք հայ մամուլին։ Նուիրումի ախոյեան մըն էք, անվարան։ Գագաթներ նուաճած ու մրցանիշներ կոտրած էք՝ լուռ ու մունջ, միշտ լրջութեամբ ու չափազանց համեստութեամբ։ «Ազգ»ի Ձեր աշխատասենեակին մէջ յաճախ ցնցումներ կ՚ըլլային՝ քանի շէնքին տակէն կ՚անցնէր մեթրոն. նախախնամութի՞ւն… Ձեր ձեռնհասութեամբ, հեռատեսութեամբ ու կշիռով, առողջ դատողութեամբ յաղթահարուած բազում ցնցումներուն համեմատ՝ անոնք ոչինչ էին, անտարակոյս։
Խոհեմութեամբ ու խորաթափանցութեամբ պայմանաւորուած ձգողականութեամբ՝ միշտ յաջողած էք համախմբում մը ստեղծել Ձեր շուրջ։ Միշտ եղած էք սկզբունքային եւ այն աստիճան, որ գիտցած էք Ձեր համոզումները ընկալելի դարձնել զանազան լսարաններու, որոնց իւրաքանչիւրին յարգանք պարտադրած ու պատկառանք առթած էք՝ որպէս գաղափարի մարդ։
Մտաւորականութիւնը լոկ հասարակական կարգավիճակ մը չէ եղած Ձեզի համար, այլ Ձեր կեանքի փիլիսոփայութեան տրամաբանական շարունակութիւնը։ Անհատներու նկատմամբ Ձեր վերաբերմունքը միշտ եղած է խրախուսական։ Ժողովուրդին հետ Ձեր շփումը չէք վերածած ամբոխավարութեան հետամուտ միջոցի մը, այլ միշտ գերակշիռ համարած էք հաւաքական պատասխանատուութիւնն ու օգուտը։
Գիտենք, որ մեծ է ու անփոխարինելի Ձեր ներդրումը՝ հայ մամլոյ ասպարէզին մէջ, ուր Ձեր երթը յաչս շատերուն նուիրականացած է տարիներու հետեւողականութեամբ։ Յարատեւութիւնը եւ մտաւոր արտադրանքը Ձեզ բարձրացուցած են՝ կենդանի առասպելի պատուանդանին վրայ։
Մէջբերում մը՝ Երեւանի բարեկամներէս մէկուն ամփոփ բանաձեւումով. «Աւետիքեանը մեր ժամանակներու հայ լրագրութեան պապան է»։ Արդար է ու ճիշդ…
*
Չեմ մոռնար նաեւ մեր այն տխուր զրոյցը, որ «Ազգ»ի օրաթերթէ շաբաթաթերթի վերածուելուն յաջորդած էր։ Հարցուցած էի Ձեզի, թէ ինչպէ՞ս կարելի չէր եղած կասեցնել։ Յուզումնախառն զգացումներով կը վերյիշեմ Ձեր պատասխանը. «Ամէն ինչ ըրի, անքուն գիշերներ անցուցի, բայց, չեղաւ Արայիկ»։
*
Պարոն Աւետիքեան,
Թոյլ տուէք, խնդրեմ, Ձեր 80-ամեակի յոբելենական առիթը ծառայեցնել՝ նախ եւ առաջ այդ անքուն գիշերներուն համար երախտագիտութիւն յայտնելու։
Այս գրութեան պարագային երբեք չտատամսեցայ, որ Ձեր ծննդեան օրուայ թուականը քիչ մը անցած է ու կրնայ յապաղած համարուիլ՝ քանի անժամանցելի է Ձեր թողած հետքը հայ լրագրութեան վրայ։ Հայ մամլոյ գործունէութիւնը քիչ մըն ալ՝ աշխարհի չորս ծագերուն մի բուռ մարդու անքուն գիշերներուն հանրագումարը չէ՞։
Որպէս համեստ հայ լրագրող՝ անսահման շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն ամէն ինչին համար, զոր չէք խնայած կամ զլացած հայ մամուլէն։ Անկեղծօրէն կը մաղթեմ, թէ արեւշատ բազում տարիներ ունենաք գրիչ ի ձեռին, շրջապատուած Ձեր սիրելիներով ու բոլոր անոնց կողմէ, որոնք Ձեր անձին մէջ կ՚ողջունեն «հայ լրագրութեան պապա»ն։ Բի՜ւր յարգանք ու խոնարհում Ձեր ծով վաստակին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ