90 ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԴՌՆՓԱԿ
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ բարձր մակարդակի շփումները կ՚ընթանան դրական մթնոլորտի մը մէջ։ Անգարա-Մոսկուա օրակարգի բազմաերեսակ խնդիրները յաճախ կը համընկնին միջազգային հրատապ նիւթերուն հետ։ Յամենայնդէպս, կողմերու դիրքորոշումները ունին թէ՛ նմանութիւններ եւ թէ տարբերութիւններ, որոնք կը բնորոշեն անոնց համագործակցութեան ուրոյն նշանակութիւնը։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անոնք տեսակցեցան Աշխապատի մէջ, ուր կը գտնուէին Թիւրքմենիստանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ Միջազգային խաղաղութեան ու վստահութեան ֆորումին։ Բացի Փութինէն, Էրտողան տեսակցեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի, Թիւրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամմէտովի եւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆի հետ։ Մինչ այդ, Փութինն ալ Փեզեշքիանի եւ Շերիֆի հետ տեսակցեցաւ Աշխապատի մէջ։ Հանդիպումներու ընթացքին Էրտողանի կողքին էին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար, ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն, Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Պուրհանետտին Տուրան, արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ այլ պաշտօնատարներ։
Էրտողան-Փութին դռնփակ հանդիպումը տեւեց շուրջ 90 վայրկեան։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով, որ հանդիպման ներկայ էր Փութինի կողքին, յայտնեց, թէ երկու ղեկավարներուն միջեւ հաղորդակցութեան պակաս գոյութիւն չունի։ Փեսքով դիտել տուաւ, որ Փութին եւ Էրտողան անդրադարձան Ուքրայնոյ տագնապին։ Եւրոպայի կողմէ Ռուսաստանի ստացուածքին վրայ ձեռք դնելու խնդրին շուրջ կարծիքներ փոխանակեցին նախագահները։ Անոնք համակարծիք գտնուեցան, թէ այսպիսի նախաձեռնութիւնները պատճառ կրնան դառնալ միջազգային ելմտական համակարգի հիմքերու եւ սկզբունքներու ոտնահարման։
Պեշթեփէէն ալ կատարուեցան հրապարակումներ։ Այսպէս, նախագահները ծաւալուն արժեւորում մը կատարեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերջ տալու շուրջ։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ խաղաղութեան ջանքերուն։ Իր խօսքով՝ բարձր արժէք կը ներկայացնեն այն ջանքերը, որոնք կը գործադրուին արդար ու մշտական խաղաղութեան հաստատման համար։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ առաջին հերթին օգտակար կրնայ ըլլալ սահմանափակ հրադադարի մը ապահովուիլը՝ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ նաւահանգիստներու խնայման նպատակով։ Ան համոզուած է, թէ յառաջընթաց կարելի է արձանագրել այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կողմերուն տեսակէտէ գործնական օգուտներ կ՚ենթադրեն։ Էրտողան յիշեցուց, որ Անգարա ուշադրութեամբ կը հետեւի բանակցային գործընթացներուն եւ այս ծիրէն ներս պատրաստակամ է հիւրընկալելու բոլոր ձեւաչափերով շփումները։
Բացի Պաղեստինի եւ Սուրիոյ վերջին կացութենէն, Էրտողան եւ Փութին շօշափեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի հաշտութեան գործընթացի ընթացքը։