ԶԳԱՅՈՒՆԸ
Տղայ մը ունի ընկերուհիս։
Հալէպցի եմ ես, «տղայ» կ՚ըսեմ, բայց հոս, Գահիրէի մէջ եւ ուրիշ շատ տեղեր՝ «տղայ» չէ, այլ՝ «մանչ», «մանչուկ» կ՚ըսեն։ Ուրեմն՝ մանչ մը ունի ընկերուհիս։
Թէեւ բազմազբաղ, շատ պարտականութիւններ ստանձնած աշխատող մայր մըն է ընկերուհիս, բայց գիտե՛մ, որ ժամանակ, երկա՜ր ժամանակ կը յատկացնէ ան իր մանչուկին։
Կը խօսի ընկերուհիս իր տղուն հետ, կը պատմէ անոր ու թէեւ տղաքը շատ պատմել չեն սիրեր, բայց խնդիր չէ, տղուն պատմածին չափ՝ կը լսէ զինք. լսածը կը մեկնաբանէ, կը հարցնէ, կը ստուգէ, կը խրատէ, կ՚ուղղէ, կը թելադրէ եւ կը զարմանայ… երբեմն զարմանքը կը թաքցնէ, երբեմն տխրութիւնը, բայց ուրախութիւնը, գոհունակութիւնն ու հպարտութիւնը անպայմա՛ն ցոյց կու տայ իր մանչուն։
Այս բոլորէն վերջ, կարծեմ դժուար չէ՛ հասկնալ, որ, ցաւօք, շա՜տ մը մանուկներու օրինակով, փողոցը տնկուած ծառի մը պէս՝ Աստուծոյ գթութեան չէ ձգուած այս տղան, որ պատահականօրէն մեծնայ։ Չէ՜։ Կիրթ ու դաստիարակուած է ան։
Երբ մտերիմ ընկերը դպրոցէն բացակայի, տուն վերադառնալուն պէս անոր կը զանգէ, «անեալ ըլլայ» կ՚ըսէ եւ փախցուցած բոլոր դասերն ու պարտականութիւնները կը փոխանցէ անոր. ընկերասէր ու օգնական է ան։
Երբ դասարանին մէջ դասատու մը խտրութիւն կը դնէ տղոց ու աղջիկներուն միջեւ, կամ՝ աշակերտի մը ու այլ աշակերտի միջեւ՝ մեր տղան կ՚ընդվզի, կը բորբոքի ու կը բողոքէ. արդարամիտ է ան։
Քննութիւններու ընթացքին ասոր-անոր չի հարցներ, հոսկէ-հոնկէ չ՚ընդօրինակեր։ Գիտցածը կը գրէ, չգիտցածը կը ձգէ. ձրիակեր չէ՛ ան։
Իր իրաւունքը եղած թուանշանը առած պահուն, հոսկէ-հոնկէ ընդօրինակող նոյն այդ ձրիակերներուն ստացած բարձր նիշերը կը տեսնէ. իր մօր բացատրած արդարութիւնը չէ աս, նորէն ալ՝ տեսածը չի պատմեր. մատնիչ մը չէ ան։
Շատոնց այսպէս է ընկերուհիիս այս տղան։
Դասարանին մէջ, դասարանէն դուրս, ակումբին մէջ, խաղէն ներս, խաղէն դուրս, երգչախումբի փորձի ընթացքին, իրապէս թէ՛ համակարգիչի վրայ ֆութպոլ խաղացած ընթացքին… ամէն ատեն եւ ամէնուր։
Պէտք է ըսեմ. եկեղեցիին մէջ ալ դպիր է այս մանչը։ Իրմէ գիտակցութիւն ու զոհողութիւններ պահանջուած մե՜ծ տղայ մը չըլլալով հանդերձ, իր ձեռքի քշոցը իրմէ պզտիկ դպիրներուն կու տայ, անոնց դէմքին կը ժպտի եւ անոնց բան մը ընելու ուրախութեամբ կ՚ուրախանայ։
Ասանկ բան մըն է՝ մեր ժամանակներուն մէջ հազուագիւտ յատկութիւններու տէր այս տղան։
Իր վարքին, կրթութեան ու ջանքերուն արդիւնքը եղած իր մանչով չի՛ պարծենար ընկերուհիս. աւելորդ բան մը չէ՛ ըրածս, կ՚ըսէ ան, այսպէս պէտք չէ՞ ըլլան բոլորը՝ հարցնելով։
Կը մտածեմ.
Իրօք, այսպէս պէ՞տք է ըլլան բոլորը։
Այսպէ՞ս են բոլորը։
Այսպէս կրնա՞ն ըլլալ բոլորը։
Այսպէս չե՛ն կրնար ըլլալ բոլորը, կ՚ըսեմ ընկերուհիիս։ Եթէ բոլո՜ր մանուկները մէկական տիպարներ ըլլային, տիպարութիւնը արժէք մը կ՚ունենա՞ր։
Չէ՛ր ունենար։
Մէկը անկիրթ, միւսը կրթուած՝ կիրթը պէտք է գնահատուի։
Մէկը շփացած, միւսը հեզ՝ հեզը պէտք է ցոյց տրուի։
Մէկը խարդախ, միւսը՝ ճշմարիտ, ճշմարիտը պէտք է ծափահարուի։
Համաձայն է՞ք։
Ըլլալու էք, հաւանաբար, բայց գրածիս պէս չեղա՛ւ. բոլորը տիպարներ չըլլալով հանդերձ, տիպարութիւնը արժէք մը չունեցաւ։
-Շատ զգայուն է տղադ, ըսին մանչուկին դասատուները անոր մօր։
-Գիտեմ, ըսաւ ընկերուհիս, կարծելով որ գնահատանք է իր լսածը։ Յետոյ, բաւակա՜ն ուշ հասկցաւ, որ անոնք իր մանչուկէն կը դժգոհին։
-Զգայուն ըլլալը թերութի՞ւն է, այլեւս, հարցուց ընկերուհիս։
-Ամէն ինչէն շատ շուտ կը նեղուի տղադ, բացատրեցին անոնք եւ պահանջեցին, որ «ասանկ» չըլլայ։
«Ասա՞նկ»։
-Տղուս ինչպէ՞ս բացատրեմ, որ ասանկ չըլլայ այլեւս, ինծի հարցուց ընկերուհիս։
Չպատասխանեցի։
Միշտ այսպէ՞ս էր։ Մեր մայրերն ալ տառապա՞ծ են աս հակասութեամբ, թէ՞ անդէմ մեր ժամանակին կը պատկանի բարոյական բարքերու այս ոտնահարումը։
Կրկին հարցուց ընկերուհիս ու դարձեալ չպատասխանեցի ես։
Այս տողերը գրեցի, որպէսզի հարցնեմ.
Հոգեւոր ի՛նչպիսի ծանր վէրքեր պէտք է կրեն ժամանակի «բարքերուն»՝ եսասիրութեան, սուտին, խարդախութեան, անարդարութեան, կեղծիքին, ուրիշին ուսերուն վրայ ելլելով բարձրնանալուն, գրիչ մը չէ՝ այլ միտք ու առիթ գողնալուն դէմ ընդվզող զգայունները…
Նոր բարիներ, աներեր քաջեր ու արդար ճշմարիտներ պիտի կարենա՞ն կերտել անոնց կասկածոտ միտքերն ու վիրաւոր սրտերը…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ