ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԵԾ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ բացառիկ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Տարիներէ ի վեր ակումբը Ամանորի ընդառաջ կը կազմակերպէ նման ձեռնարկ մը։ Նոր տարուայ տօնավաճառի մը ձեւաչափը ունէր այս քէրմէսը, որ տեղի ունեցաւ Բանկալթըի «Ռամատա փլազա» պանդոկի մեծ դահլիճին մէջ։

Այցելուները աննախընթացօրէն ճոխ տաղաւարները շրջեցան՝ տօնական մեծ համախմբումի մը միջավայրին մէջ։ Երաժշտական յայտագիրն ալ եկաւ համալրել խրախճանքի պայմանները։ Օրուան տեւողութեան շուրջ հազար հոգի այցելեց քէրմէսը, որու ընթացքը վերահսկեցին մարզակումբի վարչայինները։ Բոլորը բարձր գնահատանք արտայայտեցին, որ ակումբը այս նախաձեռնութիւնով կ՚ապահովէ աւանդութեան մը շարունակութիւնը՝ խորհրդանշաններու միահիւսմամբ եւ տօնական տրամադրութեան պահպանումով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2025