ՉՕՊԱՆԵԱՆ ՏՈՀՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ. ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱՆԱՅԻՍ

Պոլսահայ բանաստեղծուհի, արձակագիր, մամուլի աշխատակից Անայիսի (Եւփիմէ Աւետիսեան) մահէն ամիս մը առաջ լոյս տեսած են անոր արժէքաւոր յիշողութիւնները «Յուշերս» վերնագրով։ Անայիս (ծնած է Պէշիկթաշ, Պոլիս, 20 փետրուար 1872 թուականին եւ մահացած է Փարիզ, 4 օգոստոս 1950 թուականին) յուշերուն մէջ նախ կը ներկայացնէ իր ծագումը՝ Ակնէն Պոլիս գաղթած Չօպանեան-Հովուեան տոհմէն, որուն մէջ է նաեւ Արշակ Չօպանեան։ 

Գրողը իր գրիչով՝ պարզ, մեղմ, բայց յաճախ խոհական, կը բանայ ընտանեկան գաղտնիքները, առասպելները, Պոլսոյ թաղերու գունապնակները եւ հայկական գրական միջավայրը՝ հայ կնոջ համար։ Կը տեսնենք, թէ ինչպէս յուշագրութեան միջով դուռ մը կը բացուի դէպի Պոլսոյ 19-րդ դարավերջի հայ մտաւորական միջավայրը, Պէշիկթաշի թաղերը Ակնէն Պոլիս հասնող տոհմական արմատներուն խորքը եւ այն աշխարհը, ուր հայ կինը կը փնտռէր իր ձայնը, իր արժէքը եւ իր դերը։

*

ՅՈՒՇԵՐՍ

Աղուոր, մշտադալար հացիներով եւ թմբիի անտառներով զարդարուն բլուրի մը կողքին, որ կը կազմէ Պէշիկթաշի (Պոլսոյ մէկ արուարձանը) վերի մասը, պարտէզներով շրջապատուած սպիտակ փառաւոր տան մը մէջ ծնած եմ 1872 թուականին, փետրուարի փոթորկաշունչ գիշեր մը։ Թերեւս ատոր համար հոգիս եղած է միշտ փոթորկոտ։ 

Այդ տունը ստացուածքն էր հօրս, Յակոբ Չօպանեանին։

Ակնէն գաղթած հանրածանօթ Չօպանեան ընտանիքը, որ իր մէջ ունեցած է հին ատենէն իսկ մտաւորականներ, գիտուններ, բանաստեղծներ, ինչպէս նաեւ՝ առեւտրականներ, երկու ճիւղի բաժնուած է, երեց ու կրտսեր։

Չօպանեան-Հովեան գերդաստանին մասին աւանդութիւն մը կը պատմուի։ 

Հարիւրաւոր տարիներ առաջ Ակնայ մէջ ապրած են այր եւ կին մը, բարեկեցիկ եւ բարեհամբաւ։ Անոնք իրենց ամուսնութենէն անմիջապէս յետոյ շարունակաբար ունեցած են 12 մանչ զաւակներ, որոնք իւրաքանչիւրը մէկ տարի ապրելէ յետոյ մեռած է։ Վերջին երախային մահուընէն վերջը այլեւս յուսահատ, կսկծահար, քաշուած են հեռաւոր գիւղ մը՝ ինքզինքնին տուած իրենց վիշտին։

Ամառ երեկոյ մը, արեւմուտքէն, իրենց տանը դրան բացուածքին մէջ յանկարծ կ՚երեւայ կրօնաւոր մը, բարձրահասակ, բարի կերպարանքով, կրօնաւոր մը, որ չի նմանիր ոչ մէկ ուրիշ կրօնաւորի, իսկ վերարկուին ծայրերէն կարծես սրբութիւն կը կաթի։ Ան կը խօսի սփոփող ձայնով մը։ 

-Մի շատ տրտմիք, կ՚ըսէ, ալ բաւ է որչափ լացիք, դուք ի մօտոյ պիտի ունենաք նոր մանչ մը, որ այս անգամ պիտի ողջ մնայ։ Միայն թէ իր ծնունդէն մինչեւ 40 օր, մի մկրտէք, ես պիտի գամ եւ մկրտեմ զայն։

Ու կ՚աներեւութանայ։

Այր ու կին ծունկի կու գան եւ արտասուելով կ՚աղօթեն։

Արդարեւ, նոյն տարոյն մէջ կ՚ունենան գեղեցիկ մանչ զաւակ մը, կը սպասեն 40 օր եւ նորէն խորհրդաւոր կրօնաւորը կու գայ եւ կը մկրտէ զայն։ Անունը կը դնէ «Հովիւ»։ Մկրտելէն յետոյ մօրը գիրկը կու տայ երախան եւ կ՚ըսէ․

-Առ զաւակդ, ան երջանիկ պիտի ապրի եւ հիմնադիրը պիտի ըլլայ մեծ տոհմի մը, երկար ժամանակ պիտի յիշուի անունը։

Չօպանեան ընտանիքին մէջ Հովիւ անունը կրող շատեր կան։ 

Իմ զարմիկներէս մէկը կը կոչուէր Յարութիւն-Հովիւ, թէեւ չէին գործածեր այդ երկրորդ անունը։ 

Վաւերագիր մը, ստորագրուած Ակնոյ առաջնորդ Կարապետ Վարդապետի կողմէ, 18-րդ դարուն կը գտնուի Արշակ Չօպանեանին մօտ, որ հօրը՝ Յովհաննէս աղա Չօպանեանին աղօթագրքին միջէն գտնուած է։ Այդ վաւերաթուղթը կը ստուգէ, թէ վերոյիշեալ Հովիւ անունով մկրտուած երախային հայրը, Ռուբինեան Իշխանազուն մըն է, որ Ռուբինեաններու պարտութեան ժամանակ, թշնամիներ առեւանգած եւ խոպան դաշտի մը մէջ ձգած են, խաշնարած մը, Պուզամ անունով զայն գտած, որդեգրած եւ Ակն բերելով մեծցուցած է։ Իշխանազունը թերեւս անգիտակից իր ծագումին, ջանացած է լաւ դիրքի մը հասնիլ եւ յաջողած է։ 

Ան ամուսնանալով անուանի ընտանիքի մը աղջկան հետ, հայրը եղած է Հովիւի, կորսնցնելէ յետոյ 12 մանչ զաւակ, ինչպէս վերը պատմեցինք ու Հովիւ, սերած Ռուբինեաններէ, նախահայրն է Հովեան-Չօպանեան գերդաստանին։

Գոնէ Կարապետ Վարդապետ այնպէս կը վկայէ։ 

Նախ Չօպանեան մականունը եղած է Հովեան կամ Հովիւեան, ինչպէս մինչեւ հիմա այդ տոհմէն սերած անձեր Հովուեան անունը կը կրեն։ 

Չի գիտցուիր թէ յետոյ, ինչո՞ւ թրքերէն Չօպանեանի փոխուած է, հովիւ, թրքերէնը չօպան։ 

Հօրս ժամանակ իրենց ճիւղէն կ՚ապրէին տակաւին Յարութիւն, Մարտիրոս եւ Գաբրիէլ Չօպանեաները, աչքառու սեղանաւոր Եգիպտոսի փոխարքային (Խտիւ)։ Անոնք ճոխ մեծատուններ էին, գրեթէ ամիրաներ, Պէշիկթաշի Օհլամուր ըսուած լայնատարած բլուրին մեծ մասը անոնցն էր, ընդարձակ հողամասեր, որոնցմէ, իբր աւատական դղեակներ, ձրիաբար տրամադրած էին հայ չքաւոր ընտանիքներու։ Այսպիսով հոն կազմուած էր թաղ մը, զոր «Չօպան մահալլէ» կը կոչէին։ 

Մարտիրոս աղային տունը կրնար մրցիլ աւագանիին խօնախներուն հետ։ 

Արքայավայել ճոխութեամբ, կահաւորուած, սպասաւորներ անհամար։ 

Ինքը չէր ամուսնացած եւ կիներուն նկատմամբ մասնաւոր արհամարհանք մը ցոյց տուած, միայն մայրս բացառութիւն մը կազմած է եւ այդ խստաբարոյ մարդուն ծերութեան ատեն վայելած անոր համակրանքը։ 

Յարութիւն անզաւակ մեռած է, իսկ միւս եղբայրը՝ Գաբրիէլ աղա, 48 տարեկանին կնութեան առած է մօրաքոյրս, Կիւմիւշճի Գասպար աղային կրտսեր աղջիկը, Ամպեր Կիւմիւշճեան, 15 տարեկան, ինչպէս Շարլ Րէքամիէն Ժիւլիէթ Պէրնարը։ 

Իրենց մեծ քոյրը Եպրուհի, ֆիզիքապէս ոչ գեղեցիկ ու միանգամայն դժուարահաճ, երկար ատեն ամուրի մնալէ յետոյ, երկրորդ կինը եղած է Ճիվան ամիրային, անոնց զաւակն է Նշան Ճիվանեան, հայ գրականութեան մէջ ծանօթ «Հորօ» ծածկանունով։ 

Քաջ հայագէտ, անառաչ լեզուաքննական գրութիւններով սարսափեցուցած է իր ժամանակին նոր գրողները։ 

Իր աչալուրջ հսկողութեան համար լեզուական սայթաքումներուն, զինքը Պոլսոյ մէջ կը կոչէին «հայերէնի ոստիկանը»։

Յարութիւն, Մարտիրոս եւ Գաբրիէլ Չօպանեանները ունեցած են նաեւ երկրորդ մօրմէ մը ծնած երկու եղբայրներ՝ Ալեքսան եւ Յովհաննէս, տարիքով շատ փոքր իրենցմէ։ Այն ատենուան սովորական մէկ երեւոյթը եղած է, որ այրիացած մարդ մը, ինչ տարիք ալ ունենայ, վերամուսնանայ, այդ գրեթէ անհրաժեշտութիւն նկատուած է։

Ալիքսան զաւակ չէ ունեցած, իսկ Յովհաննէս հայրն է մեր հանրածանօթ շատ սիրուած գրագէտ-բանաստեղծ, հռետոր ու բանասէր, միանգամայն անխոնջ եւ եռանդուն հասարակական գործիչ Արշակ Չօպանեանին։ 

Արշակ Չօպանեան․ այդ անունը գրած պահուս, մտածումս կը թեւածէ, կ՚երթայ ընկրկնելով տարիները, դէպի այն երանաւէտ ժամանակները, երբ Օհլամուրի մուշկ բուրող անտառին կից մեր պարտէզին վարդերու սարփինային տակ գարնան առտուները թէյ կ՚առնէինք եւ տակաւին պատանի Արշակը, որ ինքն ալ կը բնակէր Եէնի-Մահալլէ ըսուած գեղեցիկ վայրը, գրքերուն պայուսակը թեւին տակ կը դիմէր դէպի Մաքրուհեան վարժարան։ Պատանեակը, արդէն բանաստեղծ, կը ժպտէր մեր սպիտակ վարդերուն։ 

Հայրս թաղական էր Պէշիկթաշի եկեղեցիին, եւ որովհետեւ կը հետաքրքրուէր մանուկներու ուսումով, յաճախ կ՚այցելէր թաղական վարժարանը։ Հոն ուսուցիչներ միակերպ իրեն կը խօսէին այն մասնաւորապէս օժտուած աշակերտին մասին, որ կը կրէր անունը՝ Չօպանեան։ Ամենէն աւելի Սրապիոն Թղլեան, հայ գրականութեան ուսուցիչ, այդ ուշիմ տղուն կանխահաս ձիրքերուն եւ արդէն ցոյց տուած գրական կարողութեան վրայ հիացում կը յայտնէր։ 

Պէշիկթաշէն յիշողութիւնս կ՚անցնի կ՚երթայ Կեդրոնական վարժարան, որուն գրասեղաններուն վրայէն, Արշակ, իր առաջին ոսկեղենիկ գրուածքները յանձնեց մամուլին բիւր թիւերուն։ Անոնք լուսածագն էին արեւող շողշողուն օրուան մը։ 

Հիմա իր հոյակապ արտադրութիւններէն, իր աշուղներու գոհար ուսումնասիրութիւններէն, իր քերթողներու կեանքերէն, իր Roseraie-ի վարդերու բոյրէն, իր քերթուածներուն թրթռումներէն մտքիս առջեւ կ՚ուրուագծին իր առաջին ստեղծագործութիւններէն կրած հիացիկ քաղցր տպաւորութիւններս։ 

Չօպանեանին գրական արտադրութիւններուն մեծ արգելքը եղած է իր հանրային գործունէութիւնը, սակայն, հակառակ ատոր, ան ունի հսկայ աշխատութիւններ, որոնք անգնահատելի գոհարներ, իր ալեծաղիկ գլխուն շուրջը կը բոլորեն պսակ մը շողշողուն եւ անթառամ։ 

Փարիզի մէջ Չօպանեան գերազանցապէս բարձրացուցած է հայութիւնը ֆրանսացիներուն աչքին։ Իր կենսագիրներուն կը թողում մնացեալը։ Հատորներ պէտք են իր կեանքն ու գործերը գրելու համար։ 

***

Կրտսեր ճիւղի Չօպանեաները, ինչպէս հայրս, որդոց որդի կամ ադամանդի վաճառական եղած են եւ կամ ոսկերիչ, այդ արգելք չէ եղած իրենց զարգացումին։ 

Մեծ հայրս՝ Յովսէփ աղան, իր ազատամտութեամբ, իր քաղաքակրթուածի ըմբռնումներով, ուսման տենչով, իւրայատուկ տիպար մը եղած է այն ժամանակի լուսաւորչական համայնքին մէջ եւ հայ կաթոլիկները, որոնք ինքզինքնին եւրոպականացեալի տեղ դրած, տեսակ մը արհամարհանքով նայած են «կոշտ» հայերուն, բացառաբար պատիւ սեպած են ընդունիլ Յովսէփ աղան իրենց հաւաքոյթներուն, իբրեւ սրամիտ ու կենցաղագէտ հրաւիրեալ մը։ 

Ան առաջին անգամ հիւրասրահներուն մէջ այրերու եւ կիներու խառն նստիլը եւ իրարու հետ խօսակցութիւնը ներմուծած է Պոլսոյ մէջ։

Անոր եղբայրը՝ Յարութիւն, առաջինը եղած է հետեւելու մաթեմաթիքական ուսման, շարունակելով հանդերձ իր ոսկերիչի արուեստը, որ Պէնվէնութօ Չելինիի մը նրբութեան հասցուցած է։ 

Իր աշակերտներուն գրեթէ բոլորին աւանդած է թուաբանութիւն, գրքոյկ մը եւս գրած է այդ ուսման նուիրուած։ 

Այն ատեն ոսկերիչները ընդհանրապէս կը բոլորուէին մեծ սեղանի մը շուրջը, աշակերտները յաջողութեան կարգով։ Ամէնքը իբրեւ տէր կը յարգէին վարպետը, զոր կը կոչէին «ուստա»։ Հաճելի եւ պարզ եղբայրակցական մթնոլորտ մը կը տիրէր առհասարակ այդ աշխատանքի սեղանին բոլորտիքը։ Ուստան հայրական հոգածութիւն ունէր աշակերտներուն, շատ անգամ կիրակի օրերը զանոնք ճաշի կը կանչէր իր տունը, եթէ քոյրերնին ամուսնանար, օժիտ կը շինէր կամ մեծկակ նուէր մը կու տար, եթէ հիւանդ ունենային՝ բժիշկ կը ղրկէր։ Այն ատեն գրեթէ անծանօթ էր գործաւորին եւ բաթրօնին անհասկացողութիւնը, ոչ մէկը եսասէր էր, ոչ միւսը՝ պահանջկոտ եւ ընդվզող։ Համերաշխութիւնը կը տիրէր օրհնութեան մը պէս այդ պարզասիրտ մարդոց միջեւ։ 

Սակայն ոսկերիչներու շուկան տեսակ մը Մոնմարթր էր, ուր լեզուի ազատութիւնը մինչեւ անբարոյականութիւն կ՚երթար, ինքզինքը ճանչցող ոչ մէկ կին նոյնիսկ այր մարդու ընկերակցութեամբ, կ՚այցելէր այդ շուկան, չլսելու համար այնպիսի վրան բաց խօսքեր, որ մինչեւ ականջները պիտի կարմրցնէին զինքը։ Այդ մթնոլորտին կը տիրապետէր արկօ մը, որ հասկցողին սարսափելի նշանակութիւն ունէր, իսկ չհասկցողին ալ թերեւս աւելի վատթար բաներ կ՚ենթադրէր։ Եւ շատ տարիներ յետոյ իսկ կը շարունակէր այդ դրութիւնը եւ կիները միշտ կը խրտչէին ոսկերիչներու շուկայէն։ 

Հայրս, անդրանիկ զաւակը Յովսէփ աղային, ուսման որեւէ տրամադրութիւն չէր ցոյց տուած, հակառակ ուսեալ մարդոց հիացող մը ըլլալուն։ Ֆրանսացի ուսուցիչ մը յատկացուցած էր հօրս, հօրեղբօրս եւ հօրաքրոջս, հազուադէպ երեւոյթ մը այն ժամանակին համար։ 

Հեզահամբոյր, ազնուահոգի, անհունօրէն բարի, ամենէն սիրուած թէեւ, սակայն խեղճ հայրս աչքառու ձիրք մը չէ ունեցած։

Իսկ մայրս՝ առաջին աղջիկ զաւակը եղած է ոսկերիչներու շուկան դղրդացնող Կիւմիւշճի Գասպար աղային, որուն առջեւ բոլորը, ոսկերիչ թէ գոհարավաճառ, դողդողացած են, մանաւանդ հայերը, եւ որ պարզ տղեկ մը սամաթիացի, աշակերտ մը արծաթագործի (կիւմիւշճի), կրցած է իր աչքաբացութեամբը, իր յանդգնութեամբը, ուշիմութեամբը հասնիլ անմրցելի վարպետի, յետոյ մեծահարուստի դիրքին։

Պալզաք ըսած է, թէ կան մարդիկ, որ իրենց տաղանդին շնորհիւ կը բարձրանան դիրքի մը, կան ալ, որ բարձրանալու տաղանդ ունին։ Գասպար աղա առաջիններէն եղած է։ Նոյնիսկ մէկ քանի անգամներ իր չափազանց յանդուգն ձեռնարկներուն համար կախաղանի դատապարտուած եւ յետոյ հզօր պաշտպաններու շնորհիւ արժանացած է ներումի։ 

Խորապէս տգէտ, իր անունն իսկ գրելու անկարող, սակայն ինքնաբերաբար փափաքած է Սամաթիոյ Վարդանեան վարժարանը ամբողջովին նորոգել իր ծախքովը եւ այդ առիթով Վարդուհեան անունը տալ անոր, ի յիշատակ իր մօր։ Սամաթիոյ Ս․ Գէորգ եկեղեցիին բակը թաղուած է Գասպար աղա՝ իր այս կրթասիրական ժէսթին համար, հոն է իր փառաւոր շիրիմը՝ վրան արձանագրութեամբ։ 

Ամէն անգամ, որ սուլթանուհի մը ամուսնանայ, այդքան հրաման կ՚ընէ եղեր որ «հօճա Գասպար»ը պատրաստէ օժիտին գոհարեղէնները եւ ամէն անգամ մասնաւոր գոհունակութիւն կը յայտնէ եղեր։ Իսկ պալատականները այդ պարզ մարդուն հետ իբրեւ հաւասարէ հաւասար վարուած են միշտ, որովհետեւ ան սողալ գիտցած չէ եւ միշտ անկեղծ եւ ուղիղ վերաբերում ունեցած իր յաճախորդներուն հետ։ 

Մեծ խումբ մը սամաթիացի հայ գործաւորներու, իր շնորհիւ ամէն հոգէ զերծ մնացած եւ իբրեւ բարեկեցիկ ոսկերիչներ ապրած են, որքան ինք ողջ եղած է։ Այդ վարպետը, թէեւ անմշակ, բայց մեծ ըլլալ գիտցած է, առանց զգացնելու իր մեծութիւնը, անժպիտ միշտ, բայց՝ բարեացակամ։ 

Իսկ իր տան մէջ կատարեալ ասիացի բռնակալ մը։ Երեկոները շուկայէն տուն վերադարձը սարսափի պահ մը։ Զաւակները մէկ մէկ անկիւն մտած, իսկ կինը համբերատարօրէն պատրաստ «չիպուք»ի հարուածներուն (երկար ծխամորճ, որով մարդ ծեծել սովորութիւն դարձած է եղեր)։ 

Այդ ամէնուն մէջ մայրս տեսակ մը առանձնաշնորհում վայելած է, թերեւս անոր համար, որ շատ գեղեցիկ, սրամիտ ու գլուխ բռնող եղած է, կորովը ունեցած է երբեմն բռնակալ հօրը ընդդիմաբանելու եւ իր կամքը կատարել տալու, ինչ պզտիկ յաղթանակ մը չէ եղած։

Տասներկու տարեկանին արդէն հայրենի տան բազմաթիւ ծառաները իրենց հնազանդեցուցած է։ Մայրը՝ երկրորդ մայր։ Իր բուն մայրը, սիրալիօրէն գեղանի, Պիլէզիկճեան մեծ ընտանիքէն, այն բարեհամբաւ ընտանիքէն, որուն մէկ զաւակը Մարտիրոս Պիլէզիկճեան, առաջին ուսանողներէն եղած է Պոլիսէն Փարիզ ղրկուող եւ հոն ուսած երկրաբանութիւն։ Այդ տոհմին աղջիկներուն գեղեցկութիւնը յուսահատեցուցած է այն ժամանակ հարսնացու աղջիկ ունեցող մայրերը։ Բայց Գասպար աղա չէ գնահատած իր կնոջ ձիրքերը եւ խեղճ Սաֆի հանըմը չկարենալով տոկալ ամուսինին խիստ վերաբերումին եւ իր վարել ստիպուած տեսակ մը հարէմական կեանքին, մեռած է կանուխէն՝ թողլով երեք զաւակ։ Իսկ մեծ հօրս երկրորդ կինը քիչ մը միամիտ, անշուք ընտանիքէ, արեւելեան թոյլ խառնուածքով, ձգած է, որ տան պատանուհի աղջիկը (մայրս) իշխէ ամէն բանի վրայ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

•շարունակելի 1

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2025