ԲԱՐՁՈՒՆՔԷՆ ԴԻՏԵԼ ԿԵԱՆՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թերեւս նիւթական արժէքներ լա՛ւ տեսնելու եւ հասկնալու համար, պէտք է կարելի եղած չափով մօտէն դիտել։ Բայց բնական գեղեցկութիւններ եւ մանաւանդ գաղափարական արժէք ներկայացնող ճշմարտութիւններ լաւ հասկնալու, անոնց իմաստին թափանցելու համար ո՛չ թէ մօտէն, այլ պէտք է քիչ մը հեռուէն՝ բարձրէն դիտել։