ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՊԱՅՔԱ՛Ր ՄԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պայքա՛ր մըն է Քրիստոսի կեանքը եւ քրիստոնեային կեանքը՝ մարդկային անասնական եւ ստորին հակումներուն դէմ։ Անիկա պայքա՛ր մըն է այն ամէն չարիքներուն դէմ՝ որոնք կը նուաստացնեն մարդը եւ վա՛ր կ՚իջեցնեն իր արժանապատուութեան պատուանդանէն։