ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առաքինութիւն»ը՝ մարդկային այն ընդհանուր տրամադրութիւնը կամ յատկութիւնն է, որ միշտ կը ջանայ բարի գործել եւ չարէն խորշիլ։ Առաքինութիւնը հոգիին այնպիսի տրամադրութիւնն է, որ ամբողջ կեանքին ընթացք կու տայ, վարմունքներ կը ձեւաւորէ եւ մարդուս նկարագիրը կը բացայայտէ։