Հոգե-մտաւոր

ՇԻՏԱԿ ՆԿԱՐԱԳՐՈՎ ՄԱՐԴԻԿ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան բազմատեսակ անհատներ, որ ամէն մէկը անձնաւորութիւն մը կը ներկայացնէ տարբեր նկարագիրներով, բնաւորութիւններով եւ յատկութիւններով։ Ո՛չ մէկը մէկ միւսին նմանն է, ո՛չ մէկը մէկ միւսին օրինակն է։

ԼՌՈՒԹԵԱՄԲ ՇԱ՜Տ ԲԱՆ ԸՍԵԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Լո՛ւռ մնալ» եւ «խօսի՛լ», այս երկուքը, առաջին ակնարկով, բոլորովին հակադիր արտայայտութիւններ ըլլալ կը թուին։ Բայց երբ «խօսիլ»ը արտայայտութեան, բան մը ըսելու, հասկցնելու միջոց մը, կերպ մըն է, ուրեմն լուռ մնալն ալ բան մը ըսելու, բան մը հասկցնելու կերպ մը պէ՛տք է նկատուի, քանի որ լռութիւնն ալ, լուռ մնալն ալ իրականութեան մէջ շա՜տ բան ըսել կը նշանակէ՝ շատ բան հասկցնել, մտածում մը մարմնացնել եւ կեցուածք մը ցոյց տալ, դիրք գրաւելու նշա՛ն է։

ՆԱԽԱՆՁԻ ՎԱ՛Տ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող վատ զգացում մըն է նախանձը։ Արդարեւ, ո՛չինչ այնքան կը պզտիկցնէ մեծերը, որքան ստորադասներու հանդէպ անոնց տուած նախանձի տգեղ ու վատ զգացումը, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշներուն փորձառութիւնը, գիտութիւնը, կարողութիւնը եւ յաջողութիւնը մանրադիտակով տեսնելու՝ ստորագնահատելու տկարութիւնը։

«ԼՈ՜ՅՍ, ԱՒԵԼԻ ԼՈՅՍ»

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լոյսը կեա՛նք է, լոյսը աշխարհի ստեղծագործութեան առաջին քա՛յլն է, լոյսը ամէն ինչ է կեանքի համար, կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւմա՛ն համար։
Երբ խօսքը «լոյս»ի մասին է, այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ներկայացնել սիրելի բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի մէկ յօդուածը, որուն խորագիրը առինք որպէս վերնագիր։ 

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազատութիւնը բանաւորութեան բնական մէկ հետեւանքն է՝ մարդ ազա՛տ է, քանի որ ան բանաւոր էակ մըն է, օժտուած է՝ իր իսկ որոշումներով ընթացք տալու կեանքին եւ իր կեանքը վարելու կարողութեամբ, օժտուած է իր իսկ ճակատագիրը ծրագրելու զօրութեամբ։ Եւ ահաւասի՛կ, մարդը «մա՛րդ» ընող, իր արժանապատուութիւնը պահպանող կարեւոր ազդակ մըն է ասիկա։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ միտքով եւ հոգիով՝ մտածումներով եւ զգացումներով անկա՛խ ըլլալ։

ԿԱՐՃԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կարճատեսութիւնը՝ հականի՛շն է շրջահայեացութեան։ Արդարեւ, մարդկային կեանքին մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ կարճատեսութեան, որ մարդս կը սահմանափակեն խորհելու, այտայայտուելու եւ գործելու որոշ նեղ շրջանակի մը մէջ, եւ մերժելու ամէն ճշմարտութիւն, որ իրենց ըմբռնումի շրջանակէն դո՜ւրս կը գտնուի։

ԽԱՉԻ ՄԱՍԻՆ ՄԵՐ ՊԱՐԾԱՆՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գաղատացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհի համար» (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։

Էջեր