ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, փոխելով իր մտածելակերպը, կրնա՞յ փոխել նաեւ իր հաւատքը։ Ուրիշ խօսքով՝ մտածելակերպը ո՞րքան կ՚ազդէ հաւատքին։ Նախ սա պէտք է ըսել, թէ «փոխուիլ» եւ կամ «փոխել» այնքան ալ հեշտ բան մը չէ. եթէ ոչ անկարելի, բայց դժուար է «փոխուիլ» եւ «փոխել»։