ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԻՋԱԾ ՀԱՑԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (ՅՈՎՀ. Զ 40)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (ՅՈՎՀ. Զ 40)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ կը նշանակէ «Քրիստոնեայ ըլլալ»։ Արդարեւ հարցը սա է. «Քրիստոնեայ անուանուի՞լ» թէ «քրիստոնեայ ըլլա՛լ»։ Ուստի անուանեալ քրիստոնեայ ըլլալ եւ հոգւով քրիոտոնեայ ըլլալ տարբեր վիճակներ են, ինչպէս կեանքի մէջ ամէն վիճակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքը այն առաքինութիւնն է՝ որուն միջոցով մարդ կը հաւատայ Աստուծոյ եւ Անոր յայտնածներուն, որոնք Սուրբ Եկեղեցին կ՚առաջարկէ իրեն տալ հաւատք, այսինքն կ՚առաջարկէ հաւատալ, քանի որ Աստուած նոյն ինքն Ճշմարտութի՛ւնն է։ Հաւատքը կ՚ենթադրէ վստահութիւն, ուստի հաւատքով մարդ ինքզինք ազատօրէն եւ ամբողջովին կը յանձնէ Աստուծոյ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ բարի հովիւը. բարի հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար». (ՅՈՎՀ. Ժ 11)։
«Բարի հովիւ»ը՝ «իրա՛ւ հովիւ»ն է, եւ իրաւ հովիւը «քա՛ջ» է, քանի որ ան իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փարիսեցիները կրօնամոլ եւ մոլեռանդ դասակարգ մըն էին։ Անոնց ծագումը յստակ չէ. ոմանք անոնց «մաքրակրօն» հակումը Եզրասի եւ Նէեմայի բարեկարգական շարժումին մէջ տեսնել կ՚ուզեն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրել, գթալ եւ ներել, արդար, անաչառ ըլլալ եւ պատժե՛լ։ Ահաւասիկ երկու հակադիր զգացումներ՝ որոնց հետեւանքներն ալ բոլորովին ներհակ են իրարու, «ներել» եւ «պատժել»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ։ Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն» (ՅՈՎՀ. Բ 11)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կրնայ «բարի «մարդ» անուանուիլ, կրնայ նաեւ «յաջող մարդ» ըլլալ, չարութիւններէ հեռու ապրիլ, խուսափիլ վատ գործերէ, կրնայ ո՛չ ոքի չարութիւն ընել, բայց եթէ գործնականապէս բարիք չընէր, անիկա «չէզոք անձ» մը կը նկատուի, որ կը նշանակէ՝ «ամուլ, անշահ եւ անօգուտ մարդ» ըլլալ։ Ամուլ մարդը անշարժ եւ անաշխատ մարդ է, որ եթէ վնաս չի պատճառեր ուղղակի, բայց օգուտ եւ բարիք ալ չ՚ունենար իր շուրջիններուն եւ անուղղակի կերպով վնասակար մէկը կ՚ըլլայ իր միջավայրին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մէկու մը, որ կարելի է տալ, ամենէն թանկագին նուէրը, քու ժամանակդ է, քանի որ ան քու կեանքէդ մաս մըն է, որ երբեք պիտի չվերադառնայ»։
Այսպէս կ՚ըսէ պրազիլացի համբաւաւոր վիպագիր Paulo Coelho (Ծնեալ 24 օգոստոս 1947), մատնանշելով մանաւանդ, թէ ժամանակը մարդուս ամենէն թանկարժէք շնորհն է, եւ որ եթէ այն տրամադրուի ուրիշի մը՝ «իրմէ տալ բան մը» կը նշանակէ, եւ այդ պատճառով ալ թանկարժէք նուէր մըն է, որ կրնայ մարդ տալ ուրիշներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ահաւասիկ երկու նկարագիրներ՝ որոնց կարելի է հանդիպիլ ամէն շրջանի մէջ, ամէն տեղ։ Արդարեւ «փարիսեցի»ն կը խորհրդանշէ յաւակնոտ, մեծամիտ, ինքնահաւան եւ ինքզինք միշտ ուրիշներէն գերադաս նկատող անձը, իսկ «մաքսաւոր»ը՝ ինքնաճանաչութեան շնորհով օժտուած, խոնարհ, համեստ եւ ամօթխած, պարկեշտ մարդը։ Եւ այս իմաստով, այս երկու տիպարները միշտ գտնուած են մարդկային ընկերութեան մէջ, եւ տեսնուած՝ ամէն հասարակութեան միջավայրէն ներս։