ՄՏՔԻ ԴԱԴԱՐԻ ՊԱՀԱՆՋՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի իրողութիւն մըն է՝ այնպէս կազմուած է մարդկային մարմինը, որ շարունակական աշխատանքի չի՛ կրնար դիմանալ, հետեւաբար աշխատանք եւ արձակուրդ՝ գործ եւ դադար պէտք է ներդաշնակօրէն կապուին մէկզմէկու։ Արդարեւ, մարմնի աշխատութիւնն ալ այնպէս է. բազկերակները դաշնաւորուած կը բաբախեն՝ զարկ մը եւ ապա դադար մը։