ՈՒԺԵՐԸ ՄԻՇՏ ԼՈՒՌ ԵՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուժը, իր ամենալայն առումով այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններուն մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը օգտակարին կամ բարիին հետապնդումին մէջ։ Արդարեւ, բարոյապէս ուժո՛վ է այն մարդը, որ կարողութիւն ունի դժուարութիւններու եւ արգելքներու դիմադրելու եւ շարունակելու իր ճամբան՝ իր մտադրած նպատակին հասնելու համար։