ՎԻՊԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱՂԿՈՒՄԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վիպականութիւնը՝ «romantisme» ծաղկեցաւ տասնիններորդ դարուն Ֆրանսայի մէջ՝ որպէս հետեւանք Ֆրանսական յեղափոխութեան յառաջ բերած մեծ յեղաշրջումներուն։
Քնարերգութեան խոր ազդեցութիւնը եւ զգացումը կը տիրապետէին, եւ այս պատճառաւ գրագէտները եղած էին ճշմարտութենէ աւելի՝ սիրոյ, յոյսի, ատելութեան եւ բաղձանքի գերիները։