ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այն օրէն ի վեր, երբ արաբական երկիրները գլխաւորութեամբ նաւթի երկիրներուն, որոշեցին նիւթապէս օժանդակել արտադրելու արաբական առաջին արբանեակը, ես սկսայ մեծ ուշադրութեամբ հետեւիլ այն բոլոր հրապարակումներուն, որոնք մերթ ընդ մերթ լոյս կը տեսնեն թերթերուն մէջ, լոյս սփռելով այս ծրագիրի փուլերուն մասին: