Հարթակ

ԱԿՆԱՐԿ - 80 - ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ ՄԸ՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարւոյս 2024 թուականի՝ շաբաթ 17 եւ կիրակի 18 օգոստոս օրերը Հայաստանի մէջ կայք հաստատած քեսապցիներուն համար նոր սկիզբի մը մեկնարկը տրուեցաւ՝ ընթանալով աւանդութեան հետքերով:

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 9 - ԱՅԲ ԲԵՆ ԳԻՄ ԴԱ, ԹԷ՞ Ա Բ Գ Դ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Հայոց պատմութեան դասերուն ամենածիծաղելի պահը Գագիկ թագաւորին դասն էր, որովհետեւ սփիւռքահայերս օտար հողի վրայ ճիշդ հնչիւնները կորսնցուցած ենք։ Իսկ մայր հողի վրայ դասական ուղղագրութիւնը, այդ բոլորիս ծանօթ տխուր պատմութիւն է։

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արաբ Հերակլ Պուարոն վերադարձաւ իր գրասենեակ յոգնած, ու հարցուց իր քարտուղարուհիին՝ Ֆաթմային, թէ իր բացակայութեան ոեւէ մէկը հարցուցա՞ծ էր իր մասին, ու ան հերքեց այդ: Ան անտարբերութեամբ թերթատեց իրեն հասած նամակներն ու հեռագիրները, ապա մէկ կողմ դրաւ՝ անոնց մէջ կարեւոր բան չըլլալուն համար, ապա պառկեցաւ իր սովորական բազմոցին վրայ, իր ոտքերը կօշիկներով երկարեց թերթերու, շաբթական թէ ամսական պարբերականներուն վրայ, որոնք այդ առաւօտ լոյս տեսած էին, ու սկսաւ ծխախոտին ծուխը օդին մէջ փչել, մինչ կ՚երազէր մեծ դատին մասին, որ կը ցնցէր հասարակական կարծիքը…

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 8 - ՎԱԶԳԷՆ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՀԵՏ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

1975-ին Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի նոր շէնքին բացումին առիթով, բացի բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Մարի Մանուկեաններէն, բազմաթիւ բարերարներէ, ազգայիններէ եւ այցելուներէ, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսն ալ հրաւիրուած էր Երուսաղէմ։

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ճի՞շդ է այն մտածումը, թէ մարդ ինչ որ ցանէ՝ այն կը հնձէ:
Պատասխան.
Անշուշտ: Սողոմոն իմաստուն կը գրէ. «Չարութիւն [մեղք] ցանողը ունայնութիւն կը հնձէ եւ անոր բարկութեան գաւազանը պիտի կորսուի» (Առ 22.6): Այս բացարձակ ճշմարտութիւն է:

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 7 - ՉՈՒՆԻՄ, ՉԵՄ ԿՐՆԱՐ ԸՆԵԼ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Մինչեւ Հայաստան մեկնիլս մարտի 8-ը ինծի համար նշանակութիւն մը չունէր… Մենք մարտի 21-ին կը տօնենք Մայրերու օրը, կարգ մը տեղեր մայիսի առաջին կամ երկրորդ շաբաթը։

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆԱՑՈՒՄ (Բ.)

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Այո՛, այս կէտին կարելի է յիշել միջին դասակարգի յառաջընթացի եւ ընդլայման իրողութիւնը, որ դրականօրէն ազդեց ժողովրդային մակարդակի բարձրացման եւ ժողովրդականացման զարգացման վրայ: Միջին խաւը երբեք այսքան զարգացած ու տարածուած չէ եղած պատմութեան մէջ, իսկ ժողովրդականացումը իր նուաճումներէն կրնանք համարել:

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 6 - ԵՍ ԻՄ ԱՇԽԱՐՀՍ ՈՒՆԷԻ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ես ամէն օր նամակ կը գրէի ծնողքիս։ Ընկերներս կը հարցնէին. «Ամէն օր ի՞նչ կը գրես»։
«Այնքա՜ն գրելիք կայ» կ՚ըսէի։
Կեանքը կ՚եռար շուրջս, միշտ նորութիւններ կային, յետոյ գրական վերլուծումներ կ՚ընէի, ծնողքս իրենց կարծիքը կ՚արտայայտէին։

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 5 - ԱՅԴ ՄԱՏԱՆԻՆ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Այդ մատանին պայուսակիս մէջ գացի ամմօ Կայծակենց…
Մատանին առնեն ըսելով մատս չփրցուցին, սակայն մատանիին օղակը շատ նեղ էր սիրող սրտիս համար, սեղմեց, արիւնեց, բզկտեց սիրտս… Մատանին ուրիշ ճակատագիր ունեցաւ…

ՄԱՀՈՒԱՆ ԳՈՐԾԱՐԱՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի Զուք ելեկտրակայանը՝ պատերազմական ու տնտեսական անելանելի իրավիճակի խորհրդանշան:
Թէեւ շարժիչները անջատուած են, սակայն, անոնց ժամանակաւոր օգտագործումով կ՚արտանետուին երկար ազդեցութեամբ թոյներ:

Էջեր