ԳՐՈՂԸ… ՀԱՏՈՐՆ ՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՂԸ

Քանի մը ատեն առաջ էր, երբ բարեկամներէս մէկը, անմեղօրէն ինծի հարցուցած էր,  թէ. ի՞նչ կ՚ընէի այս օրերուն:

-Վէպիս, շնորահանդէսի կազմակերպութեամբ կը զբաղուիմ. պատասխանած էի:

-Ինչո՞ւ,- յանկարծ ընդմիջած էր.- նորէ՞ն հատոր մը հրատարակած ես: Արդեօք այնքան հայերէն կարդացողներ կա՞ն: Չէի գիտեր: Միայն գիտեմ, որ հայերէն թերթ կամ գիրք ընթերցողներուն թիւը մանաւանդ՝ արեւմտահայերուս մօտ, զգալիօրէն նուազած է.

-Այո՛,- ըսած էի արագ մը.- գիտե՛մ այդ մէկը:

-Լաւ… ուրեմն ինչո՞ւ կը գրես.- դէմքին քմծիծաղ մը գծելով պատասխանած էր:

-Որովհետւ, յարգելի բարեկամս.- կրկնած էի վշտոտ ձայնով,- հաստատ գիտեմ, որ հայերէն կարդացողներուն թիւը ո՛չ միայն նուազած է, այլ նօսրացած: Բայց գիտեմ նաեւ, որ կա՛յ մէկը, որ ամէն օր հայերէնով կ՚արթննայ…, հայերէնով կ՚արտայայտուի…, հայերէնով կ՚ապրի…, նոյնիսկ եթէ «պէտք» ըլլայ… հայերէնով ալ կը հայհոյէ…, տակաւին հայերէնով սիրած է ու կը սիրէ, ու աւելին՝ հայերէնով կը խնդայ, կ՚աղօթէ, կը խօսի…

-Իսկ ո՞վ է այդ մէկը.- հարցուցած էր խօսակիցս, գրեթէ շուարած:

-Ե՛ս եմ.- պատասխանած էի: Ե՛ս: Եթէ նոյնիսկ անձս դառնայ իմ գրութիւններուս տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել ե՛ս ինծի համար, ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու պապակս գոհացնելու համար:

Իրապէս քրտինք բերող այս խօսակցութենէն ետք, առանձնանալ ուզած էի: Ես ինծի հետ… խոհերուս, սէրերուս, յուշերուս, ուրախութիւններուս եւ յուսախաբութիւններուս հետ՝ մինակս…:

Համեստօրէն ու նոյնքան ալ անկեղծ՝ ըսեմ, որ տարիներէ ի վեր հայերէն բառերուն հետ մտերմութիւնս արդէն հասած է իր սերտ յարաբերութեան: Այդ բառերն են, որոնք միշտ զիս կ՚առաջնորդեն: Անոնք են, որ գիտեն իմ բոլոր գաղտնիքներս:

Վկայ՝ լոյս ընծայած հատորներս:

Որովհետեւ, հայ ընթերցասէրը լաւատեղեակ է, թէ ի՜նչ հրաշալիք մըն է մեր լեզուն:

Որովհետեւ, վերջի վերջոյ ա՛յս հայերէնը միայն իմս, կամ մերը չէ՛, այլ՝ իրն ալ է՝ ընթեցողինը:

Որովհետեւ…, վերջ ի վերջոյ հայ ընթերցողը ո՛չ միայն հայ գրողին հարստութիւնն է, այլեւ՝ գերագոյն դատաւորը, հատորը արժեւորելու, կշռադատելու եւ կամ քննադատելու:

Միւս կողմէ սակայն, չմոռնանք, որ հայ գրողն ալ միշտ մտահոգ է մեր լեզուի ճակատագրով: Աւելին՝ ան մեծ պաշտամունք ունի հայ լեզուին հանդէպ: Ունի նաեւ խոր համոզումներ իր ազգին ու մարդկութեան հետաքրքրող եւ տագնապեցնող հարցերու մասին:

Ու համեստօրէն ըսեմ, որ նուրբ տկարութիւն մը ունիմ հանդէպ գիրին, հայ գիրքին եւ հաւատք-տեսիլք փոխանցող հայ գրողին ու մեծ յարգանք՝ հայ ընթերցողին: Կը հպարտանամ գրական երեւակայութեամբ, եւ մեր լեզուին հրապոյրն ու գեղեցկութիւնը հայերէնով հաղորդող հայ գրիչներով:

Նաեւ իբրեւ ընթերցող, կը փնտռեմ ճշմարտութիւնը, իրականութիւնը, հատորին մէջ երեւցող  գրական բարոյականութիւնը, սրտի մօտիկութիւնը, հեղինակի պատգամն ու մտածողութիւնը, անոր գրական վաստակն ու նուիրումը: Ու սրտանց կը ցանկամ, որ ազգովին վերադառնանք մեր հոգեւոր արժէքներուն, գիրքի ընթերցանութեան եւ ժամանակակից հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն ու դառնանք ընթերցասէրներ, որպէսզի հայ գիրքի հանդէպ մեր սէրն ու հետաքրքրութիւնը երբեք չմարի:

Ճիշդ է, որ ներկայիս գիրք եւ մամուլ փնտռողները նուազած եւ դարձած են սակաւաթիւ, բայց, տակաւին կան ու կ՚ապրին գիրքին ուժն ու արժէքը գիտցողներ, անոր ներգործութեան հաւատացողներ: Բայց նաեւ կը հաւատամ, որ մենք ազգովին գիր գրականութիւն սիրող եղած ենք: Մեր արմատները անոնցմով սնած:

Նման քանի մը այս խորհրդածութիւնները յանձնեցի թուղթին, որպէսզի ընթերցողին հետ միասնաբար բացայայտնէի գիրքի սէրը, ընթերցումի կամ ընթերցելու էականութիւնը, եւ այս առթիւ հայ գիրի սպասարկու՝ հատորի հեղինակին խոնջէնքը՝ այն համոզումով, որ մեր ազգային գանձերուն պահպանման նպաստող հայ գրականութիւնը շարունակէ իր երթը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Լոս Անճելըս

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2026