Հարթակ

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, վասնզի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր: Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծս, բայց անոր հոգին դժոխքէն կ՚ազատես» (Առ 23.6-8):

ԱՂՄԿԱՅԱՐՈՅՑ ՁԱԽՈՂՈՒՄ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կազզէի մէջ շղթայազերծուած արիւնալի ու ողբերգական պատերազմը արդէն տարի մըն է կը շարունակուի:
«Համաս» այսօր առաջուան ուժը չունի, սակայն արմատախիլ չէ, ապագային կրնայ վերարտադրուիլ: Ամերիկեան ղեկավարութիւնը կը ջանայ իր հանրութիւնը համոզել, թէ այդքան ալ խանդավառ չէ Նեթանիյահուի կերպարով: Իսրայէլի կառավարութեան ընթացքը կ՚ենթադրէ բացարձակ պարտութիւն մը՝ մինչ ԱՄՆ-ի որոշ հրէական շրջանակներն ալ կը դիտարկեն նոյնը:

ԶԻՆԵԱԼ ՊԱՅՔԱՐ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յիսուն եւ աւելի տարիներու դէպք մը. դէպք, որ ցնցեց ամբողջ Եւրոպան ու դեռ ալ կը շարունակէ համարուիլ անկիւնադարձային։ Արդարեւ, մեր թուականէն ճիշդ յիսուներկու տարի առաջ պաղեստինցի զինեալներ «Սեւ սեպտեմբեր» խորագրով գործողութիւն մը կատարեցին ու սպաննեցին տասնմէկ իսրայէլացի մարզիկներ, Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ, ուր տեղի կ՚ունենար Ողիմպիական ամառնային խաղերը։

ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ - 1

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Նկարներ կան, որոնք մեծ ազդեցութիւն կը գործեն մարդու վրայ, մա՛նաւանդ երբ մանկութեան շրջանին յիշողութիւններու, խմորումներու եւ կազմաւորումներու-տպաւորութիւններու հաստատման հետ կը կապուին: Գեղանկարչութիւնը ընդհանուր առմամբ արուեստի ամենամեծ բնագաւառներէն մին է, որ խորհրդապաշտութիւնը կը սնանէ եւ մարդկային հոգեկան, ոգեղէն ու մտային նկարագրութեան ուժ կու տայ:

ԻՆՉՈ՛Ւ ՉՍԻՐԵՑԻ ՔԻՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՆ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Մասնաւոր հակակրանք չեմ ունեցած դպրոցական տարիներուս դասաւանդուող որեւէ առարկայի հանդէպ, սակայն առաջին դասաժամէն ոչ թէ չսիրեցի այլ ատեցի քիմիաբանութեան թէ՛ դասը եւ թէ մանաւանդ չեմ գիտեր ինչ հակասական նիւթերէ բաղկացած՝ անոր ուսուցիչը…

ԱԿՆԱՐԿ - 85 - ՇՆՈՒՏԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏ. ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ. ՁԵՌՔ ԴՆԵԼ

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Հոգեւորականներուն մարդոց գլուխին ձեռք դնելը դաւանաբանական եւ հոգեւոր ի՞նչ իմաստներ ունի:
Պատասխան.
երբ եպիսկոպոսներէն կամ քահանաներէն մէկը իր ձեռքը մարդու մը վրայ կը դնէ, այս կը նշանակէ, որ այդ եկեղեցական հայրէն որոշ շնորհք մը կ՚անցնի այն մարդուն, որուն գլուխին դրած է իր ձեռքը:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արաբական մեծ քաղաքներէն ներս փոխադրամիջոցներ նստելու սովորութիւններէն դարձած է, որ ուղեւորը մենամարտիկ մը ըլլայ՝ որպէսզի կարենայ բարձրանալ, կամ արեւելեան պարուհի մը՝ որպէսզի կարենայ իջնել, կամ փորձառու քաղաքական գործիչ մը՝ որպէսզի կարենայ իր հաւասարակշռութիւնը պահպանել՝ եթէ կանգնած է:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար: «Կե՛ր ու խմէ՛», կ՚ըսէ քեզի, բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ:

ՀԱՒԱՏԻ ԱՐԵՒԻՆ ՇՈՂԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայոց նոր անկախութեան աւելի քան երեք տասնամեակներուն գահակալած հայրապետները տուեալ պահու ոգիին համահունչ անուանումներ տուած են Սրբալոյս Միւռոնին, որ կը խորհրդանշէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտին հոգեւոր միասնութիւնը եւ ժառանգութեան յարատեւութիւնը:
Վերանորոգ խորհուրդ. ժամանակներու մէջ վերաիմաստաւորում:
Քրիստոնէական վկայութեան եզակի դրսեւորում դարերու հոլովոյթին մէջ: Ըստ սրբազան աւանդութեան՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրհնած իւղը Հայաստան տարուած է Ս. Թադէոս Առաքեալին կողմէ:

Էջեր