ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
1. Ի՞նչ է նախախնամութիւնը. ինչո՞ւ համար է: 2. Աստուածային եւ մարդկային խնամոց մէջ ի՞նչ տարբերութիւններ կան: 3. Արարածները ի բնէ չա՞ր են, թէ՞ բարի: 4. Մարդը ի բնէ ի՞նչ է: 5. Ի՞նչ է խիղճը եւ մարդոց մէջ ե՞րբ կայ: Մարդը ի բնէ բարի ստեղծուելուն ի՞նչ ապացոյց ունինք:
1. Աստուածային նախախնամութիւնը նախասահման ըսել չէ, որովհետեւ Աստուած եթէ մէկ անգամ սահմանէ ալ Իր սահմանէն չ՚անցնիր: Օրինակ, մարդուն համար սահման մը դրաւ, որ չի՛ կրնար շեղիլ. «Հող էիր եւ հող պիտի դառնաս». այս վճռական սահմանը թագաւորէն սկսեալ մինչեւ յետին աստիճան մուրացկանը միեւնոյն ձեւով կը տիրէ, Դաւիթին ըսածին համաձայն. «Ոչ ոք կրնայ այդ սահմանէն շեղիլ»:
Հող դառնալու վճիռը նախասահման է, իսկ հող դառնալէն առաջ աշխարհի վրայ ապաշխարելու միջոց տալը նախախնամութիւն է: Իր Որդին աշխարհ ղրկելու խոստումը մասնաւորապէս նախասահման, ընդհանրապէս՝ նախախնամութիւն է, նախ մարդոց պիտոյքը, տարերց եւ տիեզերքի կարգադրութիւն, եւ ապա մարդը ստեղծելը նախախնամութիւն է: Ի վերջոյ, Աստուծոյ նախախնամութիւնը մարդոց համար է:
2. Մարդիկ ալ իրարու խնամք կը տանին, բայց յաճախ խնամքնին կամ թերի կը մնայ, կամ անձնական շահը եւ կամ փառամոլութիւնը կը մղէ զիրենք, որ այդ խնամքը իրենց սեփականացնեն, իսկ Աստուածային խնամքը՝ ո՛չ թերութիւն ունի եւ ոչ ալ ուրիշին փառքին կարօտ է. ուզեն փառաւորեն, ուզեն չփառաւորեն, ինքն իրեն փառաւորեալ է: Եւ կամ եթէ Աստուած մարդուս պիտոյքը՝ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս կանուխէն խնամած է, որ իւրաքանչիւր մարդ կրնայ զգալ իր փնտռածը գտած ատեն. Աստուած այնքան խնամած է մարդիկը, որ երկնաւոր Հօր նման կատարելութիւն եւ Անոր որդիներ ըլլալու կարողութիւն տուած է. «Կատարեալ եղէ՛ք» (Մտ 5.9-45: Յհ 1.12). մանաւանդ կանուխէն ստեղծած ատեն՝ «մեր պատկերին համաձայն», «իբրեւ մեզմէ մէկը», մարդուն համար ըսաւ:
3. Արարածներուն մէջ չար բան մը չկենալն ալ Աստուծոյ նախախնամութեան գործն է. նոյնպէս չկայ չարիք մը, որ Աստուծմէ պատահի մարդուն. «Տեսաւ Աստուած որ բարի են» կամ «Աստուած մասնակից չէ չարութեան» (Յկ 1.13), հետեւաբար, Աստուծոյ կամքին մասին տեղեկութիւն չուենալուն պատճառով է, որ երբեմն կը տրտնջանք, թէ՝ «Աստուած այս ինչ բանը ինչո՞ւ ստեղծած է» կամ «բնութիւնը այն անպիտան արարածները ինչո՞ւ կը պաշտպանէ», արարածներուն մէջ ամենէն անպիտանը մժղուկն է, ան ալ դարձեալ պէտք է տղմուտ տեղերու ապականած օդը ծծելու համար, նոյնիսկ գազանները եթէ ի բնէ չար ըլլային, մարդէն չէին վախնար. անոնց ըրած վնասին նպատակը ո՛չ թէ ուրիշը վնասել է, այլ՝ իրենց օգուտին եւ կերակուրին համար է. մենք յաճախ մեզի օգուտ ալ եթէ չըլլայ, ուրիշները մէկ կողմ ձգէ, նոյնիսկ մեր պատկերակիցը կը վնասենք. այլ խօսքով, Եզնիկ Կողբացիի ըսածին պէս, եթէ գազանները անհնազանդ ու չար ըլլային, Ադամին առջեւ չէին խոնարհիր՝ որպէսզի անոնց անուն տար (Ծն 2.20):
4. Գալով մարդուն, ան ի բնէ չար չէր, որովհետեւ Աստուածային շունչ փչուած էր անոր մէջ. թէ՛ մարդը եւ թէ որոշ հրեշտակներ ազատ կամքով մեղանչեցին. հրեշտակները անմարմին ըլլալնուն պատճառով անոնց չներուեցաւ, իսկ մարդու մէջի հոգին հողեղէն սխալական բնութեան հետ ըլլալուն համար ներուեցաւ. մարդը չարն ու բարին գիտնալու մասին Աստուծոյ մօտ է (Ծն 3.20), թէեւ ոմանք ասիկա հեգնօրէն կ՚ընկալէին, սակայն, մարդուն մէջի խիղճը, հոգիին կարողութիւնը, բաւական կամ կարողական շնորհքը, որ կռապաշտներուն մէջ իսկ կայ, կը վկայեն, թէ մարդը Աստուծոյ մօտ ըլլալու հանգամանքը, Արարչապետը Իր նախախնամութեան մէջ առած է, եւ ատոր համաձայն է, որ մարդոց մէջէն ազատ կամքով բարի եղողներուն «Աստուծոյ որդիներ» ըսուած է:
5. Խղճմտանքը մարդուն մէջ Աստուծոյ ձայնն ու զօրութիւնն է, որ երբեք վատին լաւ չ՚ըսեր եւ ազատ կամքին ալ թոյլ չի տար առանց տանջողական պատիժի մնալ՝ երբ մեղանչէ, որ ըսել է գաղտուկ մեղանչող մը առանց դատաւորի կրնայ մնալ ատեն մը, իսկ առանց պատիժի եւ ո՛չ իսկ մէկ վայրկեան:
Խղճմտանքը մարդուն մէջ ծնած օրէն կը սկսի եւ բոլոր մարդոց մէջ կայ:
Մարդուն ի բնէ բարի ըլլալուն այս գլխաւոր ապացոյցներն ալ ունինք. եթէ գողին՝ գող, պոռնիկին՝ շնացող, մարդասպանին՝ արիւնահեղ ըսես, հետդ կը կռուի, չ՚ուզեր, որ ինք եղած ըլլայ. կամ եթէ այդպիսիներուն մօտ ուրիշ գողի մը կամ շնացողի մը մասին խօսիս Աստուծոյ ձայնէն, այն է՝ խիղճը գրգռելով, անոնց համար վրէժխնդիր ըլլալ կ՚ուզէ, իսկ երբ իր կարգը գայ, դարձեալ կը մեղանչէ եւ ազատ կամքով կը գողնայ, որ ըսել է ի բնէ բարի ըլլալուն համար էր, որ յանցաւորները պատժել ուզեց, ետքը ազատ կամքով չարանալն էր, որ իր բամբասած չարիքը ինքն ալ գործեց: Մարդուն մանկութիւնն ու ծերութիւնը մեզի դասեր կրնան ըլլալ, թէ ի բնէ բարի էր, ետքէն չարացաւ, որովհետեւ մի քանի ամսեական մանուկի մը գեղեցիկ ըլլալէն բացի բան մը չի տեսնուիր, իսկ երբ զգայարանքները զօրանան՝ կը սկսի ձեռքը հասածը կտրել-թափել, այն ատեն այս խօսքը կը համեմատի իրեն, թէ՝ «չարին խնամքին մէջ արձանացած է» եւ այս չարութեան նշանները ծագելէն ու լեզուն բացուելէն ետք իր նախահօրմէն մեղքի հետ ժառանգ մնացած բնութիւնը յառաջ կը բերէ, այնպէս որ իր յանցանքներուն տէր չ՚ըլլար, միշտ կը ջանայ ուրիշին վրայ ձգել, թէ՝ «ես չէի, այն ինչը պատճառ եղաւ». ասոր հետ մէկտեղ դարձեալ չկայ մարդ մը, որ կրթութիւն չկարենայ ընդունիլ: Յօփնաղ փիլիսոփային ըսածին պէս՝ «ո՛չ ոք յանկարծ յոռեգոյն եղաւ»:
Տղայական, պատանեկան եւ երիտասարդական կրթութեան մէջ ոմանք քիչ եւ ոմանք շատ, ոմանք յոռի եւ ոմանք լաւ վարժութիւն ձեռք կը բերեն, ազատ կամքով ինչ որ սովորութիւն ընեն այնպէս կը վարժուին. «Բազմաժամանակեայ սովորութիւնը բնութեան զօրութիւնը կ՚առնէ», կ՚ըսէ իմաստասէր մը: Օրինակի համար, բնութիւնը տղայութեան մէջ գինիէն, օղիէն, ծխախոտէն կը զզուի, իսկ վերջը սովորութեամբ ատոնցմէ չի՛ կրնար հեռանալ, քանի որ սովորութիւնը՝ որ ազատ կամքէն կախում ունի, բնութեան ուժ առաւ:
Տղայական հասակին մէջ այս յանցնանքները սովորութեան նշաններ են եւ ո՛չ թէ մեղքեր, որովհետեւ ի բնէ նախախնամութիւնը բարի ստեղծելուն համար, կը տեսնենք, որ փոքր երեխաներու մօտ անմեղութիւն կը փայլի, ոտքը գլուխը բաց, նոյնիսկ անոնց մերկութիւնն ալ գեղեցիկ է. իսկ երբ պատանեկութեան հասնին ու բնութեան եւ անոր Հեղինակին դէմ մեղանչել երբ սկսին, իրենց վրայ մազեր կը բուսնին, իրենց տարիքը ինչքան մեծնայ՝ իրենց մերկութիւնը այլանդակութեան կը փոխուի. ո՛չ մէկուն երեւնալ կ՚ուզեն: Այս ալ կայ, որ այս տարբերութիւնը մարդուն հոգիին վրայ չէ, այլ՝ մարմինին, որովհետեւ հոգին ինչ որ մանկութեան ատեն, նոյնն է նաեւ ծերութեան ընթացքին, բայց մարմինը հոգիին գործարանը ըլլալով՝ անոր աճելով ազատ կամքի թէ՛ բարի եւ թէ չար գործերն ալ կ՚աճին:
Աստուածային արարչագործութենէն եւ նախախնամութենէն սորվեցանք, որ չար բան մը ըրած չէ.
Նախ երկինք ու երկիր եւ անոնց մէջ եղածները ստեղծած է, բնութեան ձեռքը յանձնելով մարդուս համար, մարդը ստեղծած է, որպէսզի զանոնք վայելէ. այնքան խնամած է, որ մարդիկ բնութեան գաղտնիքը գիտնալով սորվին բնութիւնները տունկերուն եւ բոյսերուն, որոնց մէջ մարմինի առողջացուցիչ յատկութիւններ կան. գաղտնիքներուն մէջ եղած գաղտնիքներու գիտութիւնը միայն իրեն վերապահելով. նոյնպէս, բարոյականին համաձայն ալ խնամած է. նախ Իր Որդին աշխարհ ղրկելով եւ չարն ու բարին ճանչնալու յատկութիւնը անոնց մէջ դնելով բաւական շնորհքով:
Երկրորդ՝ նոյն շնորհքով բարիին հետեւողին խոստացած է Իր նախախնամութեան մէջ գերբնական շնորհք ալ:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 12
Վաղարշապատ