ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա այս շրջանին հետեւողականօրէն շփման մէջ կը մնան՝ համաշխարհային անվտանգութեան օրակարգի առանցքային խնդիրներուն շուրջ։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տիմիթրիեւ հանդիպում մը ունեցան Ուաշինկթընի մէջ։
Երկրագունդը մարդ արարծին տունն է։ Մարդ, տեսականօրէն, թէեւ անծայրածիր աշխարհի մը կը պատկանի, սակայն, յարաբերաբար շատ նեղ շրջանակի մը մէջ կ՚ապրի։ Սահմանները այնքան են՝ որքանին կրնայ հասնիլ. հասնիլ իր հնարաւորութիւններով, մտահորիզոնով, կարելիութիւններով ու կարողութիւններով։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Փարիզի մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։
Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր Երեւանի պաշտօնական շփումները աւարտելէ վերջ ուղեւորուեցաւ դէպի Պաքու:
Տպաւորութիւնը շատ բան կը պայմանաւորէ. ուրախութիւն, հիացում, տխրութիւն, ընդվզում… Տպաւորութիւնը մարդու երեւակայութեան ծալքերուն մէջ կրնայ նոր թռիչքներու ծնունդ տալ, կրնայ նոր ստեղծագործութիւններու դուռ բանալ։
Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր յայտարարեց, որ Հայաստան կը կրէ հազարամեայ արեւելեան եւ քրիստոնէական մշակոյթի մը կնիքը։
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Կարողութիւններու եւ կարիքներու խաչմերուկին վրայ կը ցոլանան հետաքրքրական դրուագներ։ Ամէն ինչ կ՚արդարանայ չափերու սահմանումին մէջ։ Առցանց միջավայրը կարողութիւններու եւ կարիքներու գնահատման նոր սահմանումներու դուռ կը բանայ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան համոզուած է, թէ Թուրքիա եւ Ռուսաստան միասնաբար կրնան աշխատիլ, որպէսզի Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները ջնջուին ամբողջութեամբ։