ՀԱՄԱԶԱՐԿՆԵՐ ԵՒ ՍԱՐՍԱՓ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը կը շարունակուի։ Թէեւ մարդկային ողբերգութիւնը կ՚ահագնանայ, սակայն, գործնականօրէն այդ մասին խօսիլն իսկ կարծես անիմաստ դարձած է, քանի դաժան իրականութիւններու վրայ ազդելու որեւէ հնարաւորութիւն չունի։ Իրան կը ջանայ ամէն ձեւով դիմադրել ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի յարձակումներուն։ Սա արդէն ինքնին կ՚ենթադրէ տարածաշրջանի գրեթէ բոլոր երկիրներուն պատերազմական գօտիի մէջ յայտնուիլը։ Արդարեւ, Իրան կը թիրախաւորէ ԱՄՆ-ի կամ, ընդհանրապէս, արեւմուտքի բոլոր երկիրներու տարածաշրջանի ռազմակայանները՝ սկսելով Արաբական ծոցէն մինչեւ Յունական Կիպրոս։

Հրթիռներու համազարկերը եւ անոնց պատճառած սարսափը դարձած են գերակշիռ՝ դադրեցնելով ամէն տեսակ զգայնութիւն, յոյս, տրամաբանութիւն։

Միջազգային արձագանգները տարատեսակ են։ Բոլորը ժամ առաջ կրակի դադրեցման հետամուտ են, սակայն, այդ ուղղութեամբ կը զգան որոշ թերահաւատութիւն։ Թուրքիան ալ խաղաղութեան վերահաստատման համար ջանքեր կը գործադրէ։ Անգարա միջազգային ընտանիքին կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի դիւանագիտական ջանքերով լուծուին խնդիրները։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ՝ արժեւորելով Իրանի եւ ծոցի երկիրներու կացութիւնն ու ամենավերջին իրադարձութիւնները։ Եւրոպական երկիրներու, պատկան միջազգային կազմակերպութիւններու եւ արաբական-իսլամական աշխարհի երկիրներու առաջնորդներուն հետ եւս շփում հաստատեց Էրտողան։ Այս ամբողջին մէջ առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Էրտողանի հեռախօսազրոյցը Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ, որ այսօր կ՚ուղեւորուի դէպի Ուաշինկթըն։

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026