ՇՕՇԱՓԵԼՈՎ ՄԱՏԵԱՆՆԵՐԸ

Երեւանի Մատենադարանէն ներս վերջերս սկիզբ առած է կարեւոր նախաձեռնութիւն մը: «Շօշափելով մատեանները. Ամէնքի Մատենադարանը» խորագրեալ ներառական կրթական ծրագրի մը մասին է խօսքը: Սա հնարաւորութիւն կու տայ ձեռագրաստեղծման արուեստին ծանօթանալու շօշափելի կրկնօրինակներու միջոցով: 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով այս ծրագրով Մատենադարանէն ներս տեղադրուած են շօշափելի առանցքային ցուցադրութեան որոշ նմոյշներու շօշափելի մանրակերտերը: Այս նպատակով պատրաստուած են Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան», Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն», Մալաթիոյ Աւետարանի եւ այլ յայտնի մատեաններու կրկնօրինակները:

Ծրագրի շնորհանդէսին ժամանակ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան ըսաւ. «Սա քաղաքակրթական յայտ մըն է: Իւրաքանչիւր հասարակութիւն, ազգային միաւորում իր քաղաքակրթուած ըլլալու չափանիշը եւ չափորոշիչը նաեւ կ՚որոշակէ նաեւ այն հանգամանքով, թէ որքանով հասանելի են մշակոյթն ու կրթութիւնը տուեալ երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիին՝ անկախ սեռական պատկանելիութենէն, տարիքէն, ֆիզիքական հնարաւորութիւններէն եւ այլն»: Բաց աստի, տնօրէն Արա Խզմալեան ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութեամբ Մատենադարանը քաղաքակրթական ոստում մը կը կատարէ: Արդարեւ, ազդարարելով ներառական նման ծրագրի մը մեկնարկը՝ Մատենադարանը կու գայ ապացուցանել, որ ներառականութիւնը նաեւ իր զարգացման ծրագրին մէջը, ինչ որ կազմուած է՝ պետական քաղաքականութեամբ առաջնորդուելով:

Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, որ եւս հանդէս եկաւ ելոյթով մը:

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026