ՀԱՄԱԽՄԲԵԼ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ իրերայաջորդ գրառումներով հանդէս կու գայ՝ յառաջիկայ ընտրութեան ընդառաջ մեկնաբանելով երկրի ներքին քաղաքական պատկերը: Այս ամբողջին մէջ նախագահ Տէր-Պետրոսեան մասնաւորապէս կ՚անդրադառնայ ընդդիմութեան համախմբան հեռանկարներուն: Ան համոզուած է, թէ «Մեր ձեւով» ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը ունի առկայ պառակտումը յաղթահարելու ներուժը:

Գնահատելով ընդդիմութեան շրջանակներէ ներս ստեղծուած իրավիճակը՝ Տէր-Պետրոսեան յայտնեց հետեւեալը. «Պէտք է անկեղծօրէն խոստովանիլ, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու միջեւ ամիսներէ ի վեր ընթացող բանակցութիւնները որեւէ համաձայնութեան չեն հանգեցուցած: Այս պարագային, պառակտուած ընդդիմութիւնը միաւորելու միակ կարող ուժը Սամուէլ Կարապետեանն է: Անհրաժեշտ է, ի վերջոյ, հասկնալ, որ ընդդիմութեան միաւորումը ո՛չ թէ քաղաքական, այլ պարզապէս ազգի փրկութեան խնդիրն է: Ըլլալով ինքնաբաւ եւ կայացած անձնաւորութիւն՝ Կարապետեան ունակ է լուծել այդ խնդիրը»:

Այս գրառումէն վերջ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շեշտեց նաեւ, որ Սամուէլ Կարապետեան ընդունակ է իր շուրջ համախմբելու արհեստավարժ տնտեսագէտները եւ թեքնոկրատներէ կազմակերպուած ուժեղ կառավարութիւն մը, որու առաջնահերթ խնդիրը պիտի ըլլայ երկրի ամրապնդումը եւ բնակչութեան ընկերային վիճակի բարելաւումը:

«Հաւանաբար կարելի է հաւաստել, որ իր յաղթանակի պարագային ան չի հրաժարիր Հայաստանի եւ այլ պետութիւններու միջեւ կնքուած պայմանագրերէն, փոխարէնը առաւել եւս կ՚ամրապնդէ անոնց առջեւ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները: Կարապետեանի յաղթանակի պարագային ինքնաբերաբար կը վերանայ նաեւ պետութեան կողմէ եկեղեցւոյ նկատմամբ սանձազերծուած հակասահմանադրական եւ ազգադաւ արշաւը, ինչ որ հաստատաբար կը վերականգնէ ողջ հայութեան միասնականութիւնը», արձանագրած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեան:

Հարկ է նշել, որ Սամուէլ Կարապետեան Ռուսաստանի մէջ հարստացած եւ աշխարհի ամենահարուստ հայերու շարքին տեղ գրաւած շատ յայտնի գործարար մըն է: Ան տարիներ շարունակ մաս կազմած է նաեւ FORBES-ի կողմէ կազմուած աշխարհի ամենահարուստներու աղիւսակին: Սամուէլ Կարապետեան իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ զօրակցութիւն յայտնած էր ի նպաստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին: Այդ հրապարակումներէն վերջ իշխանութիւնները ձերբակալած եւ բանտարկած էին Սամուէլ Կարապետեանը, որու գործատեղիէն եւ բնակարանէն ներս կատարուած էին խուզարկումներ: Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութեան շրջանին ծնունդ առած էր «Մեր ձեւով» շարժումը, որու համակարգողն է իր եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեան: Այս ընդդիմադիր շարժումը վերջերս վերածուեցաւ քաղաքական կուսակցութեան մը, որ կը պատրաստուի մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութեան: Սամուէլ Կարապետեան ունի մէկէ աւելի երկիրներու քաղաքացիութիւն, ինչ որ Հայաստանի Սահմանադրութեան տեսակէտէ արգելք մըն է վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու համար: Կուսակցական շրջանակները վերջին օրերուն հաղորդեցին, որ յաջողութեան հասնելու ժամանակ Սամուէլ Կարապետեան արդէն միայն մէկ երկրի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը կ՚ունենայ:

Բաց աստի, հարկ է յիշեցնել, որ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէս կուսակցութիւնը եւս որոշած է մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութեան: Հայ ազգային քոնկրէսի կողմէ վարչապետին թեկնածու առաջադրուած է կուսակցութեան փոխ-նախագահ՝ Լեւոն Զուրաբեան, որ Երեւանի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հաւաքոյթով մը ծանօթացուցած է իր ծրագիրը:

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026