ՎԵՐՋԻՆ ԱՄՐՈՑԸ
Այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան սուր եւ ծայր աստիճան լարուած գործընթացներ, որոնց աղմուկը հասած է մինչեւ միջազգային հարթակներ։ Փաշինեանն ու իր զուգընկերուհին հռետորական ուժգին արշաւ սկսած են ընդդէմ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականութեան։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Վերջերս շուրջ մէկ շաբթուան բազմակողմանի ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ՝ ի նշանաւորումն այս եզակի յոբելեանին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ, ամենաբարձր մակարդակի շփումները կը շարունակուին կողմերու միջեւ։ Վերջին օրերու պայրամի արձակուրդի սկիզբին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Նիսի մէջ, ուր Ֆրանսայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի Ովկիանոսի հարցերով երրորդ համաժողովը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ հարկերու վճարումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկրի կայունութեան եւ զարգացման տեսակէտէ։
Ուքրայնա արդէն երրորդ անգամ թիրախաւորեց Խրիմի կամուրջը, որ մատնուեցաւ վթարային վիճակի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի այս շրջանին իրերայաջորդ այցելութիւններ կու տայ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի զանազան մայրաքաղաքները։ Երէկ, Ապպաս Արաղչի Պէյրութի մէջ հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի ղեկավարութեան կողմէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ պոլսահայ կրթական համակարգի վառ ներկայացուցիչներէն Հերա Իսքէնտէրօղլու աւարտած է Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) ԻՄԱՍ հայագիտական մասթըրի ծրագիրը։