Չորեքշաբթի 4, Մարտ 2026
ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ՄԱՏԵԱՆԸ
Երեւանի Մատենադարանին մէջ, յառաջիկայ մարտի 10-ին տեղի պիտի ունենայ բացառիկ ցուցադրութիւն մը։ Այսպէս, Շուրիշկանի փրկագործ Աւետարանը պիտի ներկայացուի հանրութեան։ Սա թաքուցեալ մատեաններու շարքի բացառիկ նմոյշներէն մին է, որ յայտնի է նաեւ՝ որպէս հրաշագործ Աւետարան։
Հայոց պատմութեան մէջ կան բազում վկայութիւններ՝ փրկութեան ուղիէ անցած աւետարաններու եւ ձեռագիր մատեաններու մասին։ Անոնց գլխաւորներէն է Շուրիշկանի հրաշագործ Աւետարանը։ Ուրեմն, Մատենադարանը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, խնդրակատար Աւետարանին հաղորդակից դառնալու եւ անոր զօրութիւնը ստանալու համար։ Այդ մէկը յատուկ ցուցափեղկի մը մէջ հանրութեան կը ներկայացուի՝ ընդամէնը միայն ամիս մը։
Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026