ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏԵՐԸ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի փակումով Արցախի շրջափակումը ածանցեալ նոր արգելքներ կ՚ունենայ: Բերձորի միջանցքին վրայ, Հայաստանի սահմանին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ՝ Հակարի գետի կամուրջին կից Ատրպէյճան իր հսկիչ-անցակէտը տեղադրած է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, երէկ, Ուաշինկթընի մէջ սկսան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները։
Թուրքիա-Հայաստան քաղաքացիական երկխօսութեան վերաբերեալ կարեւոր տեղեկագիր մը հրապարակուած է «whatisnext.blog» կայքէջին վրայ։
ՀԲԸՄ Լոս Անճելըսի մէջ մեծարեց Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր հայազգի մեծանուն գիտնականը:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի վաղը բանակցութիւններ պիտի վարէ Պեշար Էսատի կողմէ:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղը այս շրջանին ձեռնարկած է մատենաշարի մը հրատարակութեան։ «21-րդ դարու հայ գրականութիւն» կը կոչուի այս մատենաշարը, որու երկրորդ հատորը անուանուած է «Ձայն հիւսիսային»։
Պլինքըն շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Երկու նախագահները միասնաբար մասնակցեցան «Teknofest» փառատօնին՝ առաջին տիկիններուն հետ։
Երէկ երեկոյեան, «Յանկարծ» թատերախումբը յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Moda Sahnesi»ի բեմին վրայ, Գատըգիւղ։ Այսպէսով սկսաւ «Յանկարծ»ի ներկայացումներու շարքը, որով թատերասէրներուն կը ներկայացուի «Yüreğim Dağlardadır» խաղը՝ ամերիկահայ անմոռանալի գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անգլերէն համապատասխան գործի հիման վրայ պատրաստուած բեմագրութեամբ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, թէ Երեւան երբեք պատրաստ չէ ու չի պատրաստուիր ներգրաւուիլ՝ Լաչինի միջանցքի դրութեան վերաբերեալ նոր կարգաւորման մը շուրջ որեւէ բանակցութեան։