«ՑԱՒՕՔ, ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՃԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ, ՌՈՒՍ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻԷՆ ՆԵՐՍ»
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցան Պիշքեքի մէջ, ուր կը գտնուէին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին առթիւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին տարածաշրջանային հարցերու վրայ։
Անմահական Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած նախաձեռնութիւնը արդէն տասն տարեկան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պիշքեքի մէջ, ուր կը գտնուին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին առթիւ։ Փաշինեան եւ Փութին մօտաւոր անցեալին տեսակցած էին Երեւանի մէջ, ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի շրջանակէն ներս։
«Հիւրրիյէթ» երէկ գրեց, որ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը վերապահ քայլերով կը շարունակուի։ Այսպէս, երկու երկիրներու միջեւ օդային ուղղակի բեռնափոխադրումներու սկսելուն ուղղեալ պատրաստութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին։
Արարատ Միրզոյեան. «Վստահ չեմ, թէ մինչեւ տարեվերջ կը հասցնենք ունենալ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի քիչ թէ շատ վերջնական տարբերակ»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անհանգիստ կացութիւնը կը շարունակուի։ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձեալ կրակ բացին Հայաստանի դիրքերուն վրայ։
Կեանքի մէջ հիմնականը միշտ առարկայական ճշմարտութիւնն է, բայց քանի կայ մարդը՝ միթէ կարելի՞ է բացառել հոգեբանականը…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ անվտանգային մարտահրաւէրները չեն նուազած»:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած այցելութեան օրակարգին շուրջ։