ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔՆԵՐ ԵՒ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ
Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը ջանայ բոլոր հարթութիւններու վրայ իր պատգամը հասցնել միջազգային հանրութեան:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Ատրպէյճան կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան միայն ընդունի իր պահանջները եւ ուզածը չստանալու պարագային կ՚օգտագործէ ամէն միջոց՝ մինչեւ ուժի կիրառում»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ առաւօտ կառավարութեան նիստի ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման. «Պաքուի ծրագիրը հետեւեալն է. քանի մը օրով բանալ Լաչինի միջանցքը՝ ակնկալելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը լքեն իրենց տուները, ապա կրկին փակել, այսպէս շարունակ՝ մինչեւ որ վերջին հայը լքէ Արցախը»։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի վաղը երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս Սիսի պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։
Արարատ Միրզոյեան Ժոզէֆ Պոլելի, իսկ Ռուբէն Ռուբինեան Մարիա Պուրիչի հետ հանդիպումներ ունեցան:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական շնորհանդէս մը։ Այսպէս, սա գինեձօնն էր «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 42-րդ հատորի երկու գիրքերուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միրզոյեան մասնակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի երէկուան նիստին:
Այս ամսավերջին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր համերգ մը՝ նշանաւորումն հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձին։ Այս մեծ ձեռնարկը նախատեսուած է մաէսթրոյի ծննդեան օրը՝ յունուարի 27-ին, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։