ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԿԱՅ
Ուաշինկթընէն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը հնչեն՝ Արցախի հիմնախնդրին եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն մասին:
Փրայս. «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն նպատակն է հակամարտութեան կարգաւորումը, ո՛չ թէ Ռուսաստանի հետ մրցակցութիւնը»:
Կը տեղեկանանք, որ «Համազգային» Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթը՝ «Բագին» կ՚ողջունէ յոբելենական շրջան մը։ Գրական-գեղարուեստական այս հանդէսը արդէն անցեալ տարի բոլորած է իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Արցախի պաշարումը կը շարունակուի մարդասիրական ծանր հետեւանքներով՝ մինչ կը խորանան նաեւ մտահոգութիւնները:
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեան վերջերս Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Անիլ Չաուհանի հետ։
Երկու կարեւոր գիտամշակութային կառոյցներուն միջեւ կը մշակուին հեռահար յարաբերութիւններ:
Կը տեղեկանանք, որ ամերիկահայութիւնը կը պատրաստուի կազմակերպել մեծ համերգ մը, որուն համար նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափէն ներս մեծ աշխուժութիւն ստեղծուած է այս համերգին ընդառաջ։
Արցախի մէջ երէկ պատահեցաւ արիւնալի դէպք մը՝ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած յարձակման հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ առաւօտ, ժամը 10.00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի բանակէն խումբ մը զինուորներ ներթափանցեցին Արցախի սահմաններէն ներս։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Միրզոյեան Նիւ Տելհիի մէջ մասնակցած էր «Ռաիսինա» երկխօսութեան համաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ Հնդկաստանի տանտիրութեամբ։