ԱՆՍԱՆՁԵԼԻ ԱՆԿՈՒՄ
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին երէկուան հերթական հրատապ քննարկումը գործնականօրէն ոչինչ փոխած է. պատանդ դարձած ժողովուրդը անտէրութեան, անորոշութեան եւ ֆիզիքական ոչնչացման լուրջ սպառնալիքներու ճիրաններուն մէջ կը տառապի անխնայօրէն:
Արցախի հայութեան տարհանման պահանջները հաշտ աչքով չեն դիտուիր Երեւանի կողմէ։ Ըստ վարչապետին՝ Հայաստանը ռազմական գործողութիւններու ներքաշելու հարցը կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի օրակարգին վրայ։ Մոսկուա պատկանելիութեան խնդիրը լուծուած կը համարէ։
Փաշինեան. «Չեմ կարծեր՝ պէտք է աչք փակենք ռուս խաղաղապահներու ձախողումներուն վրայ»։
Համազգային քաոսի մթնոլորտին մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան Հանրապետութեան հրապարակի կառավարութեան շէնքին առջեւ։ Ներքին լարուածութիւնը անհաւատալի համեմատութիւններու հասած է։ Ինչպէս իշխանութիւնը, այնպէս ալ ընդդիմութիւնը մտահոգութիւնները կը խորացնեն՝ ծանր իրավիճակին բացարձակապէս անհամապատասխան իրենց անհեռանկար ու կործանարար ընթացքով։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան պատմական նախաձեռնութիւնը։
Այսօր Սեպտեմբերի 21-ն է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կը նշէ՝ ցարդ տօնախմբուածներէն բոլորովին տարբեր պայմաններու ներքեւ։ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական միջոցառումներու յատուկ գործողութիւնները արդէն շուրջ մէկ օրուան ընթացքին հասան իրենց նպատակին։
Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը որոշած է յետաձգել՝ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին ձօնուած հանդիսաւոր համերգը, որ վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենար Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ։
Արցախի դէմ Ատրպէյճանի «հակաահաբեկչական միջոցառումներու յատուկ գործողութիւնները» երէկուընէ ի վեր պատճառ կը դառնան նոր մահերու եւ վիրաւորներու:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Արցախէն հասած լուրերէն անմիջապէս վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճան սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը էթնիք զտումներու ենթարկելու ուղղեալ ցամաքային գործողութեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադարձաւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն։
Կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն Երեւանէն քաղաքս կ՚այցելեն երեք գիտնականներ՝ Աստղիկ Բալայեան, Թամարա Աղամալեան եւ Կարոլինա Սահակեան։ Անոնք կը մասնակցին վերապատրաստման դասընթացքի մը, որ ուղղուած է նախկին խորհրդային երկիրներու գիտնականներուն։
Թուրքիոյ նախագահը Արցախի հակամարտութեան օրակարգով նախաձեռնութիւնով հանդէս եկած է: Առաջարկած է քառակողմանի ձեւաչափով՝ Ռուսաստան, Թուրքիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան հանդիպում մը կազմակերպել:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլին մասնակցելու համար Նիւ Եորք մեկնած է նախագահ Էրտողան, որ կ՚ունենայ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։