ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Ա. Ա.
Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթը, որ ընթացք առաւ երկու տարի առաջ, տակաւին կը դիմագրաւէ երկու կարեւոր արգելք։ Արցախի ճակատագիրը եւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ հատուցման թղթածրարը, որ միջազգային գետնի վրայ կը հետապնդուի հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւններու, մարմիններու, հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերու կողմէ։
«Պէտք է ցոյց դնենք անկախ, ինքնիշխան պետութիւն ունենալու վերաբերեալ մեր կամքը։ Մեր անվտանգութիւնը կրնայ երաշխաւորել միայն խաղաղութիւնը»:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, անցեալ կիրակի Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպումը 15-16 մարտին տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Վաղուան բանակցութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման տեսակէտէ։
Արամ Աբրահամեան. «Մենք պէտք է ըլլանք հաւաքական ուժ մը, տարբեր մտածելակերպով մարդոց խումբ»:
Երեւան Լաչինի միջանցքի փակման կապակցութեամբ կ՚ակնկալէ Մոսկուայի կողմէ հասցէական արձագանգ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անհանգիստ վիճակը, լարուածութիւնը եւ հրադադարի խախտումները անընդհատ կը շարունակուին։ Պաքու մէկ կողմէ կ՚արտայայտէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու պատրաստակամութիւն, իսկ միւս կողմէ չի հրաժարիր իր նախայարձակ քաղաքականութենէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. Ճերի Փիլէյը, որուն կ՚ընկերանար իր օգնականը՝ Անի Ղազարեան-Տրիսսին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։