ԵԺԿ-ԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան ներկայիս կը գլխաւորէ ընդդիմադիր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ կ՚անդամակցի ԵԺԿ-ին։
Չինաստանի վարչապետ Լի Ցիանկ այս օրերուն շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Եւրոպա։ Սա չինացի վարչապետին առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ պաշտօնի կոչուելէ վերջ։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Աշխարհահռչակ հայազգի երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան վերջերս յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նախաձեռնութեամբ։ Այս տարի երաժշտական աշխարհը կը տօնախմբէ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակը։
Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ բաց հաղորդակցութիւնը կրնայ կանխել թիւրիմացութիւնները:
Վահագն Խաչատուրեան եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին:
Երեւանի մէջ այս շաբաթավերջին՝ յունիսի 24-ին նախատեսուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը։ Իր նմաններու շարքին 33-րդ ժողովին ժամանակ պիտի ներկայացուին հիմնադրամի 2022 թուականի գործունէութիւնն ու ելմտական հաշուետուութիւնը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Նկատի ունենալով, որ Կալաթասարայի ֆութպոլի կազմը 2022-2023 եղանակի ախոյեանը դարձած է՝ ակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպեքի գլխաւորութեամբ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Հանրապետութեան նախագահին։