ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ԿԱԼԱԹԱՍԱՐԱՅՑԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՆԵՐԿԱՅԱՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Նկատի ունենալով, որ Կալաթասարայի ֆութպոլի կազմը 2022-2023 եղանակի ախոյեանը դարձած է՝ ակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպեքի գլխաւորութեամբ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Հանրապետութեան նախագահին։
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը աննկարագրելի բարդութիւններ կը դիմագրաւէ։ Պաքու մէկ կողմէ կը պնդէ, որ կը ձգտի Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, սակայն դաշտի վրայ կ՚առնէ այնպիսի քայլեր, որոնք կ՚իմաստազրկեն այդ առերեւոյթ պատրաստակամութիւնը։
Դաշինքը Ուքրայնայի պարագային կը մշակէ ծրագիր մը, որուն շուրջ Թուրքիա ունի վերապահութիւններ:
Ատրպէյճանի բանակը այս առաւօտ դարձեալ կրակի տակ առաւ Հայաստանի սահմանակից Երասխը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութենէն վերջ Թուրքիոյ շփումները վերստին կը խտանան միջազգային գործընկերներուն հետ։ Անգարա նոր շրջանին համար դիւանագիտական նոր նախաձեռնութիւններու կը պատրաստուի՝ մանաւանդ, որ նշանակուած է նաեւ նոր արտաքին գործոց նախարար մը. յանձինն Հաքան Ֆիտանի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ յայտնի բժիշկ Սերժ Սիմոնեան։ «Նոր Յառաջ»ի մէջ այս կապակցութեամբ կը կարդանք հետեւեալը.-
Անգարա Թեհրանը կը թիրախաւորէ՝ Զանգեզուրի միջանցքի հարցին շուրջ որդեգրած ընթացքին համար:
«Թուրքիա պատրաստ է ամէն պահ բանալ Շուշիի իր հիւպատոսարանը՝ երբ որ Ատրպէյճան փափաքի»:
Ռուսաստանի «Կազփրոմ» ընկերութիւնը վերջերս առաջարկներ ներկայացուցած է՝ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյց մը ստեղծելու գաղափարին շուրջ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կը ծաւալուի։
Անգլիոյ մէջ երէկ սարսափազդու դէպքերու շարան մը պատահեցաւ, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ։ Այսպէս, իրերայաջորդ դէպքերը պատահեցան երկրի հիւսիսի Նաթինկհըմ քաղաքին մէջ, որ ունի 300 հազար բնակչութիւն։ Յարձակումներն ու ոճրագործութիւնները խուճապ յառաջացուցին քաղաքէն ներս։