ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԴԷՄ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Ռուսաստան կ՚ընդգծէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու բոլոր ուղղութիւններով աշխուժացման հրատապութիւնը:
Մինչ Արցախի պաշարումը երրորդ ամիսը թեւակոխելու վրայ է, Նիկոլ Փաշինեան Պերլինի, իսկ Արարատ Միրզոյեան Նիւ Տելհիի մէջ շարունակեցին պատգամներ հասցէագրել միջազգային դերակատարներուն: ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան Հարաւային Կովկասի գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ կը պատրաստուի իր առաջին տարածաշրջանային այցելութեան: